ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ հերթական յայտարարութիւնով հանդէս եկաւ՝ Հայաստանի առկայ ներքին քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ։ Մինչ կ՚ընթանայ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նստաշրջանը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը երէկ հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
Յետպատերազմեան իրավիճակի մարտահրաւէրները ուշադրութեան առարկայ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովը վերջին օրերուն առցանց ձեւաչափով ժողով մը գումարեց։ Անթիլիասի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ նիստը տեղի ունեցած է փետրուարի 13-ին։
Մեծ պահոց շրջանի սկսելուն առթիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հրապարակեց պատգամ մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետի յորդորները՝ արեւմտահայերէնի վերածելով։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գայիանէի վանքի երդիքին տակ։ Տեառնընդառաջին զուգադիպած Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Նորապսակներու օրհնութեան կարգ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Ա. Քհնյ. Մելիքեան յայտարարեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ձեռնարկուած «Աջակցինք Արցախին» ծրագիրը պէտք է շարունակուի աշխարհասփիւռ հայութեան հանգանակութիւններուն շնորհիւ։
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը։ Ս. Վարդանանց զօրավարներու եւ 1036 վկաներու յիշատակը ոգեկոչուեցաւ աւանդական շուքով։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։
Այս շաբաթավերջին քանի մը ազգային եւ եկեղեցական տօներ իրար կը յաջորդեն. այսպէս՝ Տեառնընդառաջ, Բուն Բարեկենդան եւ երկուշաբթի, փետրուարի 15-ին Մեծ պահք։