«ԱՊԱԳԱՅ ՆԱԵՒ ՆԵՐԿԱՅ»
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդաց յանձնախումբը շաբաթավերջին առցանց հանդիպում մը կազմակերպեց՝ մասնակցութեամբ զանազան թեմերէ կամ շրջաններէ նոր սերունդի ներկայացուցիչներու։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հեռավար հաւաքը, որուն մասնակցեցան նաեւ յիշեալ յանձնախումբի անդամ միաբաններ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մայիսի 13-ին աւանդական շուքով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գայիանէի վանքէն ներս։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս հաւաք:
Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական սրբավայրերու, մշակոյթի կոթողներու եւ ճարտարապետական ժառանգութեան դէմ ոտնձգութիւնները, խորհրդանշական կոթողներու թիրախաւորումները կը շարունակուին։
Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկ. Կրօնական ժողովը 3 մայիս 2021, երկուշաբթի, ժամը 16.00-ին, համացանցի վրայ գումարուեցաւ՝ նախագահութեամբ Ն. Ա. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր։
Կիլիկեան Աթոռի գահակալին եւ մարոնիտներու պատրիարքին միջեւ հանդիպում:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հայրապետական այցելութեամբ կ՚ուղեւորուի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
Սփիւռքահայ նորոգ հանգուցեալ գիտնական ու հասարակական գործիչ Վարդան Գրիգորեան շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ս. Գայիանէի վանքին մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին, ողբացեալ Վարդան Գրիգորեանի համար կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։