ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱԼՈՄԷ ԶՈՒՐԱՊԻՇՎԻԼԻ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան:
Ողջունելով Վրաստանի նախագահի այցը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց երկու երկիրներու ղեկավարներու միջեւ հանդիպումները, որոնք կը նպաստեն հայ-վրացական բարեկամական կապերու առաւել ամրապնդման: