ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Հռոմի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ երիտասարդ հոգեւորականներու հաւաք մը, որ կազմակերպուած է Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու պաշտօնական երկխօսութեան շրջանակներէն ներս։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, այս հաւաքին կը մասնակցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիէն ներկայացուցիչներ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Տեառնընդառաջի տօնը, որ կը խորհրդանշէ քառասնօրեայ մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայումը։ Երէկ երեկոյեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի հանդիսաւոր նախատօնակը։
Փետրուարեան եկեղեցական օրացոյցին մէջ իր նշանակալից տեղը ունի տօնը՝ փետրուար 14-ի Տեառնընդառաջը, որ կը խորհրդանշէ 40 օրուան Յիսուսի տաճար ընծայումը:
«Դէպի Աստուած ճանապարհը կ՚օգնէ բացայայտել սեփական ինքնութիւնը»:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մօտալուտ այցելութեան ընթացքին կը նախատեսէ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հետ քննարկել եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան նիւթ մը, ինչ որ էական նշանակութիւն ունի Պոլսոյ Աթոռին տեսակէտէ եւ երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուի օրակարգի վրայ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը։ Այս վերջինը պաշտօնի կոչուելէ վերջ առաջին անգամ կ՚այցելէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմէն ներս վերջերս ժողով մը գումարած է Թեմական խորհուրդը, որ հրապարակած է սրտցաւ, ուշագրաւ յայտարարութիւն մը։ Մոնրէալի առաջնորդարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, Թեմական խորհուրդը քննարկեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ ձեռնարկուած կանոնազանց արարքներու պատճառով ստեղծուած ցաւալի իրավիճակը։
Յաջորդ տարեմուտին Վատիկանի մէջ պիտի արծարծուին Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի տեղը եւ դերը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Ռուբէն Վարդազարեանը։ Ողջունելով բարձրաստիճան դատաւորը՝ Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, թէ Աստուած զօրավիգ ըլլայ իրեն եւ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամներուն՝ արդարադատութեան հաստատման դժուարին առաքելութիւնը իրականացնելու ճանապարհին։
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան աշխատանքները այս շրջանին անմիջական ուշադրութեան առարկայ են հայաշխարհէ ներս։ Ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ առաջնահերթութեան մը վերածուած է այս ծրագիրը, որ յառաջ կը տարուի Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ անմիջական հսկողութեամբ։