ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ փոխանցեց համայն հայութեան ուղղեալ տաղաւարի պատգամը՝ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ խորանէն։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք Հայրապետական պատգամը։
Տարեմուտ է կրկին: Մեր աշխարհը իր միլիառաւոր դարձերէն մէկը կատարած է արեւուն շուրջ: Հի՛ն է արեւը, հի՛ն է աշխարհը: Բայց ամենայն կարողութեամբ օժտուած են երկուքն ալ միշտ նոր մնալու, նորոգելու եւ նորոգուելու:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալուեցան յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներ ու մանուկներ:
Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Տ. Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Աջապահեանի ծառայութիւնները:
Ս. Ստեփանոսի տօնակատարութիւն՝ Երեւանի Ս. Գր. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս շրջանին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ իրերայաջորդ կը հիւրընկալէ Հայաստանի զանազան շրջաններէն բազմազաւակ ընտանիքներ։ Ամանորի տօնական շրջանին նման խումբեր կ՚այցելեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ այս այցելութիւններով կը նշանաւորուի նաեւ՝ Վեհափառ Հայրապետի կողմէ հռչակուած ներկայ Ընտանիքի տարին։
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին հանդիսաւորապէս մեծարուեցան խումբ մը մտաւորականներ:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս յատկանշական օր մը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն հիւրընկալեց Ուաշինկթընի Սուրբ Գրքի թանգարանի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Ճեֆրի Քլոհայի, որ ցուցահանդէսներու ընդհանուր համակարգողն է։ Սա այս թանգարանին կողմէ պատուիրակութեան մը երկրորդ այցելութիւնն է դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Հայաստանի «Կլոր սեղան» միջեկեղեցական բարեգործական հիմնադրամի տարեվերջի ամփոփիչ ժողովը։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն նախագահեց եւ ներկաներուն իր օրհնութիւնը փոխանցեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։