ԿԱԹՈԼԻԿ 30 ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ
Կը տեղեկանանք, որ «Էլ Ճեզիրէ» արաբական հեռուստակայանը փաստավաւերագրական ժապաւէնի մը պատրաստութեան ձեռնարկած է՝ Լեռնային Ղաղաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Ծանօթ է, որ այս հեռուստակայանին կեդրոնը կը գտնուի Քաթարի մէջ եւ ամբողջ աշխարհով մէկ սփռումներ կը կատարէ՝ արաբերէն, թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը անցեալ Կիրակի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը եւ Պերճ Սեդրակեան գոհունակութեամբ անդրադարձան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ ՀԲԸՄ-ի արդիւնաշատ համագործակցութեան։
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։
Ռուսաց Քիրիլ Պատրիարքի միջնորդութեամբ, Վեհափառ Հայրապետը յառաջիկային դարձեալ պիտի տեսակցի Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամին հետ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երէց միաբաններէն Տ. Զարեհ Ծ. Վրդ. Պարոնեան երէկ առաւօտ ի Տէր հանգաւ Պուքրէշի մէջ։ 76 տարեկան հասակին վախճանեցաւ բազմավաստակ հոգեւորականը, որ 1941 թուականին ծնած էր Պուքրէշի մէջ ու երկար տարիներէ ի վեր ծառայութիւն կը մատուցանէր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռումանիոյ Թեմէն ներս։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանի ուսանողները, համանուն Աւագ դպրոցի աշակերտները, ինչպէս նաեւ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին վիրաւորուած զինուորներ։ Խումբը Մայր Աթոռ այցելեց Պետական բժշկական համալսարանի վերատեսուչ Արմէն Մուրատեանի գլխաւորութեամբ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ նախագահեց Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մեծահանդէս արարողութիւններուն:
Համայնավարական բռնապետութեան տարիներուն նահատակուած հոգեւորականներու ոգեկոչում: