Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԷՆ՝ ԱՇԽԱՐՀԻՆ
Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը ամսավերջին ժողով մը պիտի գումարէ Նիւ Եորքի մէջ:
Մայր Աթոռի մէջ տեղի կ՚ունենայ միջազգային եռօրեայ գիտաժողով մը՝ հայերէն առաջին տպագիր Աստուածաշունչի 350-ամեակի յոբելեանին առթիւ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Լաւագոյն ուսուցիչ 2016» մրցանակաբաշխութիւնը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս վերջերս նշուեցաւ Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարի օծման վեցերորդ տարեդարձը, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ շնորհուած շքանշաններու տուչութիւնը։ Այսպէս, Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան յանձնեց բարերարներուն շքանշանները։ Արեւմտեան Թեմի դիւանէն ստացանք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը, զոր կը հրատարակենք ստորեւ։



Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ֆրանսայէն խումբ մը բժիշկներ, որոնք վերջին շրջանին այցելեցին Հայաստան։ Մասնագէտներու այս խումբը կը գլխաւորէր Տքթ. Ժան Փիէռ Պէրպէրեան։