ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՐԷԿ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՆԱԽԱՐԱՐ ՎԻԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԵՏ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի նորանշանակ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Սրբոց Թարգմանչաց տօնը:
Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը ամսավերջին ժողով մը պիտի գումարէ Նիւ Եորքի մէջ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Լաւագոյն ուսուցիչ 2016» մրցանակաբաշխութիւնը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս վերջերս նշուեցաւ Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարի օծման վեցերորդ տարեդարձը, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ շնորհուած շքանշաններու տուչութիւնը։ Այսպէս, Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան յանձնեց բարերարներուն շքանշանները։ Արեւմտեան Թեմի դիւանէն ստացանք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը, զոր կը հրատարակենք ստորեւ։
