ԲԱԶՄԱԲՈՎԱՆԴԱԿ ՕՐԱԿԱՐԳ
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ կը քննարկուին՝ Հայաստանի դիմագրաւած արտաքին սպառնալիքները:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ կը քննարկուին՝ Հայաստանի դիմագրաւած արտաքին սպառնալիքները:
Եշիլգիւղի ընտանիքը երէկ նշեց թաղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան 111-րդ տարեդարձը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Հարաւ-ափրիկեան եկեղեցիներու խորհուրդին կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այս օրերուն կ՚այցելէ Սուրբ Քաղաք։ Այս պատուիրակութիւնը Երուսաղէմի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ՝ Սուրբ Քաղաքի եկեղեցիներու, քրիստոնէական յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ հովուական պաշտօններու մէջ կատարուած են փոփոխութիւններ, որոնք հոգեւոր հայրերու եւ պատկան թաղական խորհուրդներուն հաղորդուած են 6 յունիս 2024 թուակիր պաշտօնագրերով։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց պուլկարահայ խումբ մը ուխտաւորներ՝ գլխաւորութեամբ Պուլկարիոյ Փազարճըք քաղաքի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Նշան Պզտիկեանի։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան շաբաթավերջին նախագահեց Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։
Երուսաղէմի հայոց պատրիարքը երէկ հիւրընկալեց Անկլիքան եկեղեցւոյ կողմէ երեք եպիսկոպոսներ:
Հիւրերը ծանօթացան նաեւ Սուրբ Յարութեան տաճարի հայկական բաժիններուն՝ ներառեալ Ս. Վարդան մատուռը:
Երուսաղէմի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ աննախընթաց հաւաք մը, որ մէկտեղեց Սուրբ Քաղաքի հոգեւոր առաջնորդներն ու դիւանագիտական շրջանակներ։ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Նիքոլաս Քասիանիտէսի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը. Մայր Աթոռի մէջ Հայրապետական մաղթանք:
Հայոց ազգային-քրիստոնէական ինքնութեան պահպանման սրբութիւն սրբոց օրրանը, որ դարերու ընթացքին դարձած է անմահութեան գրաւականը:
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը օրերէ ի վեր ուշադրութեամբ կը հետեւի՝ Մայիսի 28-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան կողմէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին դէմ կատարուած անարգանքին եւ ցաւալի դէպքի արձագանգներուն։