ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԺՈՂՈՎ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Անկլիքան եւ Հին Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջազգային յանձնախումբի անդամները, որոնք այս շրջանին իրենց հերթական ժողովը կը գումարեն մայրավանքի համալիրէն ներս։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Միջազգային քրէական ատեանի (ICC) նախկին նախագահ Սիլվիա Ալեխանտրա Ֆերնանտէզ տէ Կուրմենտին։
Վեհ. Հայրապետը յորդորեց անսակարկ ծառայութեամբ հետամուտ ըլլալ մարտահրաւէրներու յաղթահարման:
Հոլանտայի Նիուվեխայն քաղաքի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ բակին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հայկական խաչքարի մը օրհնութեան ու օծման կարգը՝ հանդիսապետութեամբ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, որու կողքին էին Ամսթերտամի Ս. Հոգի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Տարօն Քհնյ. Թադէոսեան եւ Մաստրիխտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աստուածատուր Քհնյ. Սարգսեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Վատիկանի եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) ներկայացուցիչները։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց արարողութեանց եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ֆրանսիսքեան միաբանութեան անդամներէն բաղկացեալ խումբ մը։ Միաբանութեան թէ՛ Իսթանպուլի եւ թէ արտասահմանի անդամներէն կը բաղկանար այս խումբը, որու կազմին մէջ էին, ինչպէս միաբան վարդապետներ, այնպէս ալ քոյրեր։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայան, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ ուսում ստանալէ վերջ երկար տարիներ ծառայած էր Հայաստանէ ներս։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց եւ քարոզեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան։ Ս. Թարգմանչաց տօնի շաբաթավերջի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին յիշատակեց Սուրբ Թարգմանիչները։ Քաղաքիս մէջ ալ տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ։