ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Իսրայէլի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Անաթոլի Վիքտորովը։ Հանդիպման ընթացքին Վիքթորովին ներկայացան դեսպանութեան քաղաքական հարցերով խորհրդատու Տիգրան Քոտպաշեան եւ առաջին քարտուղար Ֆէոտոր Կէորկի։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջին օրերուն հոգեւորականաց համագումար տեղի ունեցաւ։ Սա թեմի հոգեւորականաց դասու այս տարուան երրորդ հաւաքն էր։
Արժանապատիւ Տ. Մաշտոց Քահանայ Գալփաքճեան Միաբան
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռին մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այս օրերուն կը մասնակցի Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ Սուրբ Սինոդի 16-րդ հերթական ընդհանուր ժողովին, որ պիտի տեւէ մինչեւ հոկտեմբերի 26-ը։
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Այսպէս, Մայր Տաճարի ամրակայումէն վերջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած վերաօծման յաջորդած այս առաջին կիրակի օրը պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան։
Պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որոնք այս օրերուն Հայաստանի մէջ կը գտնուին, երէկ Ջրվէժի Ս. Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան կիրակնօրեայ արարողութիւններու։
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ հոգեզմայլ արարողութիւն:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց ռուսահայ ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանը, որ միւռոնօրհնէքի արարողութեան կնքահայրը հանդիսացած էր։
Սուրբ Էջմիածնի վերաօծեալ Մայր Տաճարին մէջ արդէն հոգեւոր կեանքի եռուզեռն ու ուրախութիւնը զգալի են։ Շաբաթավերջին պաշտամունքի վերաբացուած Մայր Տաճարին մէջ այս օրերուն ամէն երեկոյ Ս. Պատարագ կը մատուցուի Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին տնօրինութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան պատարագեց Սուրբ Էջմիածնի վերաօծեալ Մայր Տաճարին մէջ։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, շաբաթավերջի վերաօծումէն վերջ, մէկ շաբթուան տեւողութեան ամէն երեկոյ Ս. Պատարագ կը մատուցուի Մայր Տաճարի մէջ։