ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՀԻՒՐԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն հիւրեր։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութեան ներկայացան Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Ասպետ Թաթուլեան եւ Միքայէլ Հավլուճեան։