ՀԱՒԱՏՔԻ ԱԴԱՄԱՆԴԵԱՅ ՀԻՄՔԵՐ
«Մեր յոյսն ու հաւատը առկայ փորձութիւններու մէջ պիտի ջանանք զօրացնել, ամուր եւ վառ պահել, որպէսզի մեր կեանքէն ներս առատացնենք Աստուծոյ օրհնութիւնները։ Կը հաւատանք, թէ Տիրոջ պատգամներու իրագործումով մեր ժողովուրդը պիտի գտնէ իր վերելքի ուղիները՝ ամոքելով վէրքերը եւ ընթանալով դէպի խաղաղ ու ապահով հանգրուաններ»:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ միւռոնաբաշխման արարողութիւն:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. «Մեր նախնեաց նուիրական ժառանգութիւնն ու սրբազան արժէքներու նկատմամբ աներեր հաւատարմութիւնը պիտի շարունակեն ըլլալ անսասան յենասիւները մեր աստուածահաճոյ, ազգանուէր միւռոնադրոշմ կեանքի՝ նախանձախնդրութեամբ փոխանցելով սերունդէ սերունդ»:

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր երեկոյեան կը պատարագէ Սուրբ Էջմիածնի վերանորոգեալ ու վերաօծեալ Մայր Տաճարին մէջ, որ երէկ առաւօտ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ հայրապետական Ս. Պատարագով։
Համայն հայութեան սիրտը այս շաբաթավերջին կը տրոփէ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր այսօր տեղի կ՚ունենայ Միւռոնօրհնութիւն, իսկ վաղը կ՚օծուի ու պաշտամունքի կը վերաբացուի՝ ամենայն հայոց սրբութիւն սրբոց Մայր Տաճարը, որու ամրակայման երկարատեւ աշխատանքներու աւարտին ծնունդ առած է համազգային հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտ:
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական պատուիրակութիւններու եւ ներկայացուցիչներու հանդիպում։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի նորանշանակ առաջնորդ Տ. Գէորգ Արքեպիսկոպոս Նորատունկեանը, որու ձեռնադրութիւնը վերջին օրերուն տեղի ունեցած էր Վատիկանի մէջ։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, անցեալ կիրակի՝ Բարեկենդան Վարագայ Ս. Խաչի, պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, որ Յունաստանի Կրետէ կղզիի Ս. Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցւոյ տեսուչն է։ Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին Սրբազնութեան առընթերակայ էր Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։