ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎ
Վեհ. Հայրապետին նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն:
Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման պատրաստութիւնները ամփոփման փուլի մէջ են:
Վեհ. Հայրապետին նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն:
Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման պատրաստութիւնները ամփոփման փուլի մէջ են:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Միկէլ Անխէլ Մորաթինոսը, որ նաեւ Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի բարձր յանձնակատարն է։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց զուիցերահայ գործարար ու յայտնի բարերար Վահէ Կապրաշը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Հայաստանէն խումբ մը ուխտաւորներ, որոնք մասնակցած էին Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շաբաթավերջի տարեկան Ս. Պատարագին։
Երէկ, Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի պատմական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ տարեկան Ս. Պատարագը։ Վերանորոգութենէ վերջ այժմ թանգարանի վերածուած այս եկեղեցին հայկական ճարտարապետական ժառանգութեան միջնադարեան գլուխգործոցներէն մին կը համարուի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց ամերիկահայ ուխտաւորներու խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Մեսրոպ Չոպանեանի։ Հարկ է նշել, որ այս խումբը եկած է մասնակցելու՝ այս շաբաթավերջի դէպի Աղթամար ուխտագնացութեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեան երէկ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Թաւատրոս Պատրիարքին հետ։
2024-2025 շրջանի սկիզբին կրթական մշակներու աւանդական հաւաքը տեղի ունեցաւ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Այսօր կը փորձուի արժեզրկել Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ բացառիկ առաքելութիւնը՝ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի այս շրջանին մէջ լայնածաւալ պատրաստութիւններ յառաջ կը տարուին:
Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց կարգադիր յանձնախումբի ժողովին՝ միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման ընդառաջ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ուխտաւորներ։ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։