Ընկերա-մշակութային

ՏԱՃԱՐԸ՝ ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՅ ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒ ՆԵՐՔՈՅ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մինչ Փարիզը տօնական հանդերձանք առած կը նշէր քաղաքի խորհրդանիշները դարձած Էյֆէլ աշտարակի 130 եւ Լուվր բուրգի 30-ամեակները, Փարիզի միւս գեղեցկուհին՝ Նոթրը Տամ տաճարը կրակի լեզուակներու մէջ կ՚այրէր ողջ Եւրոպայի եւ աշխարհի աչքին առջեւ: Մարդիկ՝ արցունքն աչքերուն անզօր եւ վհատ կը դիտէին 850 եւ աւելի տարիներու պատմութիւն ունեցող հսկային այրիլը…

«ՏՈՀՄԻԿ ԲԱՐԵՐԱՐԸ»

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայագէտ, բնագրագէտ, Հայաստանի Ազգային արխիւի երկարամեայ աշխատակից Էմմա Յովսէփեանի հերթական գիրքը ազգային մեծ բարերար՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի մասին է: «Տոհմիկ բարերարը» խորագրով գիրքը լոյս տեսած է Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ եւ կը ներկայացնէ 20-րդ դարու առաջին կէսին Կիւլպէնկեանի ծաւալած հայանպաստ եւ ազգապահպան գործունէութիւնը:

ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Ժաք Պերրիի  «Ճոննի Պի Կուտ» երգը կարելի է համարել «ամերիկեան երազանքի» մասին առաջին ռաք ըն ռոլ երգը: Անոր հերոսը հեռաւոր գիւղի բնակիչ խեղճ  եւ  անկիրթ տղայ մըն է, որ ուսում չէ ստացած, բայց հիանալի կիթառ կը նուագէ եւ յաջողցնելով իր կեանքը հնարաւորութիւն կ՚ունենայ գումար վաստակել:

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մեծ Պահոց վերջին կիրակին կը կոչուի Ծաղկազարդ։ Ծաղկազարդը Յիսուս Քրիստոսի հանդիսաւոր մուտքն է Երուսաղէմ։ Երբ Յիսուս աւանակի վրայ նստած մուտք կը գործէ Երուսաղէմ, ժողովուրդը խանդավառ ընդունելութիւն ցոյց կու տայ անոր՝ ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղերով դիմաւորելով զինք։

ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵԶՈՒ, ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԼԵԶՈՒ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Երեւան, ագահօրէն, ամէն օր, հեռատեսիլին պաստառին առջեւ նստած, ես ալ zapping կ՚ընեմ, ոչ թէ պատկերներու յաջորդականութեամբ ձանձրոյթ փարատելու համար, այլ բազմաթիւ կայաններէ յորդող հայերէն լսելու: Այդ կրկնուող, աղմկող, լուսաբանող, հմայող բառերով կ՚ապրիմ իմ իրաւութիւնս: Ափսոս, որ այդ հայերէնը յաճախ կը խարանուի օտար բառերով եւ օտարաբանութիւններով:

«ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ ՖՐԱՆՍԱԽՕՍ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ՄԷՋ»

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Զուարթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանին մէջ բացուած ուշագրաւ ցուցահանդէսը այս օրերու հայաստանեան գողտրիկ ձեռնարկներէն է: Հակառակ Երեւանի կեդրոնէն հեռու ըլլալուն, արգելոց-թանգարանին մէջ բացուած ցուցահանդէսը տեսնելու կը շտապեն արուեստի, գրականութեան սիրահարներ, արուեստասէրներ, քանի որ առաջին անգամն է, որ մէկ վայրի մէջ հաւաքուած եւ ցուցադրուած են այնքան բազմազան ցուցանմոյշներ, որոնք հայ մտաւորականութեան՝ ֆրանսախօս մշակոյթին մէջ ունեցած դերը ցոյց կու տան:

ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՀԱՅ

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հայ մեծանուն բանաստեղծներու աստղաբոյլ մը, իրենց հրաշակերտ ստեղծագործութիւններուն մէջ բազմիցս տուած են հայու բնութագիրը։ Այդ ստեղծագործութիւններէն ինծի հոգեհարազատ է Գէորգ Էմինի «Զարմանալի հայ» բանաստեղծութիւնը, թերեւս անոր համար, որ ես եւս՝ ներկայիս «Զարմանալի հայ»ու մը ապրելակերպ կը վարեմ՝ ծնած՝ Արցախ, Երեւան ուսանած, միտքս ու հոգիս բանտարկած հայրենեայց հողին մէջ՝ այժմ կը բնակիմ Պոլիս։

ԱՐԱՄԸ. ԾՆՆԴԵԱՆ 140 ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ 100-ԱՄԵԱԿՆԵՐՈՒ ԱՌԹԻՒ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Անցնող օրերուն, Երեւանի եւ Արցախի մէջ, մեծ շուքով նշուեցաւ հայ պետական, ռազմական, հասարակական նշանաւոր գործիչ Արամ Մանուկեանի 140-ամեայ յոբելեանը: Արցախը պատահական չէր ընտրուած:
Աւազանի անունով Սերկէյ (Սարգիս) Յարութիւնի Յովհաննիսեան՝ Արամ ծնած է 1879 թուականի մարտ 19-ին, Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ:

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ. ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՈԴԻՍԱԿԱՆԻՆ ԽՈՐԱՍՈՅԶ ՔՆԱՐԵՐԳԱԿԸ

Ապրիլի 4-ին, 71 տարի առաջ, Գահիրէի, Եգիպտոս, մէջ մահացաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք տաղանդներէն բանաստեղծ, հրապարակագիր եւ ազգային-հասարակական գործիչ Վահան Թէքէեան (1878-1948)։
Սիրոյ եւ խոհականութեան, այլեւ հայու յուզականութեան ինքնատիպ բանաստեղծն է Վահան Թէքէեան, որուն ստեղծագործութիւնը յորդեցաւ սրտի եւ մտքի վարար զեղումով՝ խորապէս ապրուած յոյզերու խոհուն եւ գեղեցկագոյն աշխարհ մը բանալով հայոց սերունդներուն առջեւ։

Էջեր