Ընկերա-մշակութային

«ԾԱՆՐ» ՇՈՒՆՉՈՎԴ ՇՐՋԱՊԱՏԴ «ՄԻ՛ ԱՊԱԿԱՆԵՐ»

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Տիեզերքին մէջ երկրագունդը միակ մոլորակն է, որ թթուածին ունի։ Երկրագունդի վրայ գտնուող իւրաքանչիւր էակ թթուածինի շնորհիւ կը շնչէ, կ՚ապրի ու կը գոյատեւէ։ Նոյնպէս ալ բնութիւնը առանց ջուրի եւ թթուածինի չի՛ կրնար կանաչանալ, ծաղիկները՝ ծլարձակիլ, ծառերը հարիւր տարիներ կանգուն մնալ…։

ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Հայոց ազգային պարտէզի գանձերը. Պալեաններ» գիրքին հեղինակը շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Ճարտարապետ Աշոտ Գրիգորեան. «Տակաւին գիրքը նոր է եւ, բնականաբար, ժամանակի կը կարօտի՝ որպէսզի հանրութիւնը կարդայ, ծանօթանայ, բայց քանի որ ներկայ ու արդի է Պալեաններուն խնդիրը, գիրքը անմիջապէս կը գրաւէ իր խորագիրով, ծաւալով եւ նորութեամբ»:

ՊԱԼԵԱՆՆԵՐՈՒ ԿՈԹՈՂԸ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Աշոտ Գրիգորեան Երեւանի մէջ, «Արմէնփրէս»ի մամլոյ սրահի երդիքին տակ մանրամասնօրէն ներկայացուց «Հայոց ազգին պարտէզի գանձերը»:
1990-ական թուականներէն ի վեր «Ալեքսանդր Թամանեան» թանգարանը մեծ աշխատանք կը տանի սփիւռքահայ ճարտարապետներու արխիւներու ստեղծման եւ ուսումնասիրման ուղղութեամբ:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱԿԻ ՕՐԸ

Կեդրոնականի ընտանիքը յատկանշական շաբաթավերջ մը ապրեցաւ՝ աւանդական բաժակի օրուան առթիւ։ Երէկ, վարժարանի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ համախմբուեցան Կեդրոնական սանուց միութեան երդիքին տակ, ուր տեղի ունեցաւ բաժակի օրուան հանդիսութիւնը։

ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ «ԱՆՁՐԵՒ»ՆԵՐԸ ՄԻՇՏ ՊԻՏԻ ՏԵՂԱՆ

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Անձրեւը սեւագորշ ամպերէն կախուած ցնցուղի նման յանկարծ համակ բնութիւնը իր տարափին տակ կ՚առնէ։ Անձրեւը բնութեան ամենամեծ բարիքներէն է, որ սերտօրէն կապուած է մարդու կեանքին հետ։

ԱՆԿՈՐՆՉԵԼԻ ԿՈԹՈՂ ՄԸ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հրազդան Թոքմաճեան Հալէպի մէջ, ռումբերու տարափին տակ պատրաստած է իր վերջին հատորը, որ կը կոչուի՝ «Գալէմքեարեաններ. Այնթապ, Դամասկոս, Հալէպ»։ Այս պատկերագիրքի շնորհանդէսը, հեղինակին ներկայութեամբ, խաղաղած Հալէպի մէջ տեղի ունեցաւ ընթացիկ օրերուն:

ԿԱՐՕՏԻ ԹԱՐԳՄԱՆ…

Հայաստանի ազգային ակադեմական երգչախումբի հիմնադրութեան 80-ամեակին ձօնուած համերգ:
Յոբելենական հանդիսաւոր երեկոյթի պատուոյ հիւրերն էին՝ Սերժ եւ Ռիթա Սարգսեան ամոլն ու Ամենայն Հայոց Հայրապետը: Մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանի վաստակը միշտ արժանի բարձր գնահատանքի ու երախտագիտութեան:

«ԱԿՆԹԱՐԹ»Ի ՄԷՋ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԻՒՆ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Ֆոթոլուր» լուսանկարչական գործակալութեան հիմնադրութեան 15-ամեակին ձօնուած ցուցահանդէսը արժանացաւ անմիջական ուշադրութեան եւ բարձր գնահատանքի:
Մելիք Պաղտասարեան. «Նախքին Խորհրդային Միութեան երկիրներու շարքին, յետսովետական ժամանակաշրջանին ստեղծուած միակ անկախ գործակալութիւնը մենք ենք»:

Էջեր