Ընկերա-մշակութային

ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՕՍՔԱՐ. ԿՈՉԵՐ ԵՒ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Շարժարուեստի Ամերիկեան ակադեմիոյ տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը՝ «Օսքար»ը, այս տարի 90-րդ անգամ տեղի ունեցաւ, կրկին իր վրայ սեւեռելով բարձր արուեստի սիրահարներուն ուշադրութիւնը: Հոլիուտի «Տոլպի» թատերասրահը արարողութենէն շաբաթներ առաջ կը զարդարուէր ու պատշաճօրէն կը պատրաստուէր ընդունելու շարժապատկերի արուեստի այսօրուան աստղերը, որոնք ամբողջ տարի մը կը սպասեն վայելելու աշխարհի ամենէն նշանաւոր կարմիր գորգին վրայ քալելու հաճոյքը:

ՍԱՐԵԱՆԻ ԾԱՂԻԿՆԵՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ ականաւոր գեղանկարիչ Մարտիրոս Սարեան իր կեանքի ընթացքին շատ ծաղիկներ նկարած է, բայց ապակիի վրայ նկարած անոր ծաղիկները միակ են ու անկրկնելի: Այս ապակենկարը վերջերս Երեւան հասաւ եւ մօտ տասը օր կը ցուցադրուի Վարպետի՝ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ:

ՄԱՀԱՑՈՂ ԼԵԶՈՒՆ Կ՚ԱՐԺԷ՞ ՎԵՐԱՊՐԵՑՆԵԼ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Համաշխարհայնացման համայնակուլ այս ժամանակաշրջանի հրատապ խնդիրներէն է բազմաթիւ ժողովուրդներու լեզուներու նահանջը: Մասնագէտներ, լեզուաբաններ եւ լրագրողներ տարատեսակ մեկնաբանութիւններ կ՚ընեն, ուսումնասիրութիւններ կը պատրաստեն, սակայն լեզուները կը շարունակեն մահանալ, երբ խօսող չի մնար:

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԾԱԳՈՒՄՆ ՈՒ ԲՆՈՅԹԸ (Դ.)

Ուսումնասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Շարականագիրներու մէջ ամենաբարձր գագաթը Ներսէս Շնորհալին է, որ բազմապիսի ու բազմատեսակ շարականներու հեղինակ է։ Անոր վաստակը մեծ է, որովհետեւ «Շարակնոց» գանձարանին մեծագոյն մասը իրե՛ն կը պատկանի, եւ ժողովուրդին կողմէ ամենէն սիրուած ու ճանչցուած երգերու հեղինակն է։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ «ԿԱՐԻՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ ԵԼՈՅԹ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Հայաստանի «Կարին» պարախումբը նախընթաց երեկոյեան խանդավառ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պաքըրգիւղի մէջ։ Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ելոյթը, որ անմոռանալի դարձաւ մասնակիցներու յիշողութեան մէջ։ «Կարին» պարախումբի այս ելոյթը կազմակերպուեցաւ «Մեր պարերը եւ մենք»ի պարուսոյցներուն՝ Յակոբ եւ Նարօտ Կիւլէչ ամոլին կողմէ։

ՉԱՐԵՆՑ. ՄԵԾ ՀՐԱՏԱՐԱԿԻՉԸ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի սիրտին մէջ առ այսօր կանգուն է այն շէնքը, ուր աշխատած է հայ մեծ գրող, բանաստեղծ, թարգմանիչ Եղիշէ Չարենց: Տէրեան փողոցի վրայ յայտնի այդ սիւնազարդ շէնքին վրայ ցուցանակ մը կայ՝ «Այստեղ աշխատած է Եղիշէ Չարենց»:

ՎԵՐԱԾՆՈՒԱԾ ՀՐԱՇԱԼԻՔ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Նշանաւոր գրող Կոստան Զարեանին թոռը՝ ճարտարապետ Արա Զարեան, երեք տարի շարունակ մեկնած է Իտալիայէն Արցախ եւ որմնանկարներու իտալացի վերականգնող Քրիստին Լամուրէի հետ, Արցախի Դադիվանքին մէջ վերականգնած է Դադիվանքէն ներս գտնուող Ս. Նիկողայոս Սքանչելագործի պատկերով որմնանկարը:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ «ԱՐԱՐՈՒՄ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՈՒՆԵՑԱԾ Է 56 ՀԱԶԱՐ ԱՅՑԵԼՈՒ

Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 14-Փետրուար 15 թուականներուն միջեւ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ, այցելուներու թիւի մրցանիշ սահմանած է։ 56 հազար արուեստասէր գացած է տեսնելու Այվազովսքիի հրաշալի կտաւները։

Էջեր