ՆԵՒՐՈՒԶԵԱՆ ՕՐԵՐ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս օրերուն ոչ միայն Երեւանի փողոցներուն, այլեւ Մեղրիէն Երեւան տանող ճանապարհներուն վրայ յայտնուած են երկլեզու ցուցապաստառներ, որոնք նախ հայերէնով, ապա պարսկերէնով կ՚ողջունեն Հայաստան ժամանած եւ յառաջիկայ օրերուն մեր երկիրը գալու պատրաստուող հազարաւոր իրանցիները: Երեւանի կեդրոնը տեղադրուած պաստառներէն մին կը շնորհաւորէ Նեւրուզը՝ իսլամական Նոր տարուան ու բնութեան զարթօնքի տօնը, որ իրանցիները, քիւրտերը եւ այլ ժողովուրդներ մեծ շուքով կը նշեն, սպասելով այդ տօնին ամբողջ տարի մը:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան եւ իր կողմէ հովանաւորուած «Մարալ» երգի-պարի համոյթի համատեղ նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուած է «Յաւերժութիւն» խորագրեալ միջվարժարանային պարի մրցոյթը։ Այս տարի երկրորդ անգամ կը կազմակերպուի այս ձեռնարկը, որ ձօնուած է Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանին։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութիւնը հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտով նշեց Մեծ պահոց Միջինքը։ Երէկ այս առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան Գերապայծառը։
Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան ներկայիս ձեռնարկած է բանախօսութիւններու շարքի մը՝ «Հայ կինը եւ ընտանեկան կեանքը» խորագրին ներքեւ։ Երէկ երեկոյեան Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի յարակից ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ այս բանախօսութիւններու շարքի առաջին ձեռնարկը։ Զէքիեան Գերապայծառ խօսեցաւ պատմութեան ամբողջին մէջ հայ կանանց եւ անոնց հասկացութիւններուն մասին։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Euronews-ի կայքէջը դրուատիքը կը հիւսէ Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի վանքին՝ Սուրբ Ղազարին՝ որպէս Եւրոպայի ժառանգութեան մաս:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Շաբաթավերջին Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալէրիի յիշատակին կազմակերպուած միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթը։ Ինչպէս ծանօթ է, Քրիստին Սալէրիի մահէն վերջ իր հարազատները հիմնեցին հիմնարկ մը, որու գործունէութիւնը հետամուտ է մեծանուն նկարչուհիի յիշատակը յաւերժացնելու եւ անոր ժառանգը սերունդներուն փոխանցելու։
ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ