ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Յովհաննիսեանի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացին եւ իր բարոյախօսութիւնը» ռուսալեզու աշխատութիւնը եւ Սիլվա Պետրոսեանի «Դաւիթ Անյաղթի հոգիի խնամքի իմաստութիւնը եւ արդիականութիւնը» մենագրութիւնը։
Պատրիարքական Աթոռի կողմէ երանաշնորհ Շնորհք Գալուստեան Պատրիարքի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ հաստատուած «Շնորհք Պատրիարք - 100» մատենաշարէն լոյս տեսաւ գեղատիպ հատոր մը եւս. «Եօթը պատգամներ եօթը եկեղեցիներու»։ Այս գործը պատրաստուած է Պատրիարքարանի հրատարակչութեան բաժանմունքին կողմէ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Երէկ երեկոյեան Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջնակարգի բաժնի տարեվերջի հանդիսութիւնը։ Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։