ԵՐԵՒԱՆԻ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԱՆՈՒԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՀԱՄԵՐԳ
Աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ, դարուն արուեստագէտը՝ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան տարեդարձը Հայաստանի մէջ իր անուան հրապարակին վրայ նշելը արդէն գեղեցիկ աւանդոյթ դարձած է:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ վերջերս կազմակերպուեցաւ աչազուրկներու համար ճատրակի մրցաշարք մը։ Հանդիպումները տեղի ունեցան Կեդրոնական սանուց միութեան երդիքին տակ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հանգուցեալ նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին կազմակերպուած միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանի մէջ։ Ծանօթ է, որ Քրիստին Սալերիի հարազատներուն կողմէ հիմնուած է համանուն հիմնարկ մը, որ հետամուտ է վառ պահելու անմոռանալի արուեստագիտուհիին յիշատակը։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց երգչախումբը երէկ երեկոյեան փառաշուք համերգով մը հանդէս եկաւ՝ իր հիմնադրութեան 85-ամեայ յոբելեանին առթիւ։ Սա երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած համերգ մըն էր մեր գեղարուեստասէրներուն տեսակէտէ եւ Վարդանանց երգչախումբն ալ հերթական անգամ արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը՝ վերանորոգ եռանդով ու վաղեմի կարգապահութեամբ։
Վահէ Պէրպէրեան. «Մեր պարտականութիւնն է գոնէ անցեալի յուշերը փոխանցել նոր սերունդին»:
Հայկական ժողովրդական երաժշտութեան երիտասարդ համակրելի աստղերէն Գուրգէն Տապաղեան երէկ երեկոյեան անմոռանալի ելոյթով մը գրաւեց պոլսահայ արուեստասէրներու սիրտը։ Ֆէրիգիւղի Վարդանանց երգչախումբի հիմնադրութեան 85-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որով ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ