Ընկերա-մշակութային
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժնէն լոյս տեսաւ «Տօնապատճառ» ժողովածոյի (Վարդան Հաղբատեցիի, Վարդան Արեւելցիի եւ Յովհաննէս Գանձակեցիի խմբագրումները) առաջին մասը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ հրատարակուած գիրքի մեկենասն է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամը։
ԵՐԳԻՆ ԱԶԴՈՒ ՈՒԺԸ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագիտուհի, երգչուհի, «Շողակն» խումբի հիմնադիր, մեր մաքուր հայկական երգերու, խաղիկներու, օրօրոցայիններու լաւագոյն կատարողներէն՝ Յասմիկ Յարութիւնեան այն հազուագիւտ արուեստագէտներէն է, որոնք երբեք աժան ու շուկայական ճաշակ ապահովելու ճամբան չեն բռներ: Քսան տարիէն աւելի ան նոյն ժանրի, նոյն ոճի մէջ հայ ազգային, ժողովրդական երգը անխառն կը մատուցէ մեզի ու աշխարհին
ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԱՆԳԱՌ
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ «Փիւնիկ» մարդուժի զարգացման հիմնադրամին միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ յուշագիր մը, որ կը վերաբերի «Մշակութային կանգառ» ծրագրին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, սոյն նախագիծը կ՚ենթադրէ ներկայ տարուան տեւողութեան երկրի զանազան մարզերէն ներս 426 մշակութային ձեռնարկներու իրականացումը։
«Կամրջող պատմութիւններ»
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
National Geographic-ի եւ Time ամսագիրներու աշխատակից, World Press Photo եւ Ռոպերթ Կապայի անուան հեղինակաւոր մրցանակներու արժանացած յայտնի լուսանկարիչ՝ Ճոն Շթէյնմայէր, անցեալ տարի Հայաստան այցելած է քանի մը առիթներով: Ան անցեալ տարուան Մարտին Կիւմրի քաղաքին մէջ աշխատանոց մը վարած է զանազան երկիրներէ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Իտալիայէն, Փորթուգալէն, Լեհաստանէն եւ այլ երկիրներէն ընտրուած խումբ մը երիտասարդներու համար, որոնք հետաքրքրուած էին լուսանկարչութեամբ:
ՏԻԳՐԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ 78 ՏԱՐԵԿԱՆ
Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արտիստ, Խորհրդային Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, հայ անուանի երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեան Յունուարի 27-ին դարձաւ 78 տարեկան:
ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՎԵՐԵԼՔ
Ռուսահայ գործարարը Forbes-ի «Կալուածներու թագաւորներու» ցուցակին վրայ երրորդ:
«Տաշիր»ի սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեան կը պատրաստուի մեծ ներդրումներ ընել Հայաստանի մարզերուն մէջ:
ՎԵՐԱՁԵՒԱԿԵՐՊՈՒՄՆԵՐ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Խորհրդարանական ընտրութիւններու սեմին զրոյց՝ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան Հայաստանի մասնաճիւղի ղեկավարին հետ:
Նարեկ Գալստեան. «Մեր երկրի առկայ լուրջ մարտահրաւէրները պէտք է լուծուին մեծ միաւորումներու ճանապարհով»:
ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻԻ 200-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈՒՇԱՄԵՏԱՅԼ ՄԸ ՊԻՏԻ ԹՈՂԱՐԿՈՒԻ ՈՒՔՐԱՅՆՈՅ ՄԷՋ
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին առթիւ յոբելենական զանազան ձեռնարկներ նախատեսուած են աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ուքրայնոյ Ազգային դրամատունը կը պատրաստուի այս յոբելեանին առթիւ թողարկել յուշամետայլ մը։
ԽՈՀԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՐՈՒԵՍՏ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Առիթ ունեցած ենք Ֆրանսայի Լիոն քաղաքէն աշխարհահռչակ հայ խոհարար՝ Ալէն Ալեքսանեանի գործունէութեան համառօտ կերպով անդրադառնալու: Ան Հայաստանի մէջ յաճախակիօրէն կը մասնակցի զանազան ձեռնարկներու, ուր վարպետութեան դասեր կ՚աւանդէ մանաւանդ գիւղաբնակներուն համար՝ ստեղծելով տեղական ուտելիքի միջոցաւ զարգացման ծրագիրներ:

