ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆԸ՝ ԽՈՇՈՐԱՑՈՅՑԻ ՏԱԿ
ԶԵՆՈԲ ՔՀՆՅ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
Եկեղեցականի բովանդակ կեանքն ու գործունէութիւնը խոշորացոյցի տակ է։ Կարելի չէ հերքել կամ ուրանալ զայն։
ԶԵՆՈԲ ՔՀՆՅ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
Եկեղեցականի բովանդակ կեանքն ու գործունէութիւնը խոշորացոյցի տակ է։ Կարելի չէ հերքել կամ ուրանալ զայն։
Կեդրոնական վարժարանի աշակերտները երէկ երեկոյեան Պաքըրգիւղի մէջ ներկայացուցին նահատակ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի վերյիշման ուղղեալ ծրագրերը։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Ծանօթ է, որ Զէքիեան Գերապայծառ վերջերս նոյն դպրոցէն ներս դասախօսած էր՝ արեւմտահայերէնի անցեալին, ներկային ու ապագային մասին։
ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Յունուարի 5-ին, ՌԱԿ-ի Պէյրութի «Պայքար» ակումբը իր հաւատաւոր անդամներուն ու համակիրներուն կը ներկայանար վերականգնող ոգիով, նորանոր մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու յանդուգն կեցուածքով ու գաղափարական շրջանակի կարգապահ գիտակցութեամբ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օքսֆորտ համալսարանի Արեւելագիտութեան ամպիոնի Հայագիտութեան բաժինը 2016-ի տարեմուտին կը կազմակերպէ երկօրեայ աշխատանոցային գիտաժողով մը:
Հրաչ Չիլինկիրեանի եւ Թէօ ֆան Լինտի կողմէ կեանքի կը կոչուի մասնագիտական հաւաքոյթին ծրագիրը, որուն մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեան:
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Աշխարհահռչակ գծանկարիչ եւ փորագրական գեղանկարչութեան հայ վարպետ Էտկար Շահին (1874-1947) մեծ համբաւի տէր է:
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ո՛չ պատահականօրէն ըսուած խօսք է, ո՛չ ալ այդպէս` շռայլանքով տրուած գնահատական է շարունակ շեշտուող այն հաստատումը, որուն համաձայն, հայ մամուլը հիմնական դեր խաղացած է մեր ժողովուրդի լեզուամտածողութեան արդիականացումը, քաղաքակրթական ինքնահաստատումը եւ մշակութային կենսագործումը յառաջ մղելու, մշտանորոգ պահելու եւ նպատակասլաց հունով առաջնորդելու ազգակերտ գործին մէջ:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան Հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնին կից գործող Տեղեկատուական միջոցներու կեդրոնի տնօրէն, Հայաստանի Գրադարանային միութեան վարչութեան հիմնադիր նախագահ Ներսէս Հայրապետեանի հետ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի զրոյցը առաւելաբար կը վերաբերի իր ղեկավարած կեդրոնի տարած աշխատանքներուն:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
19-րդ դարուն աղջիկները տղոց հաւասար ուսում չէին ստանար: Հարուստներու աղջիկները քիչ մը հայերէնի եւ քիչ մըն ալ ֆրանսերէնի անձնական դասեր կ’առնէին, իսկ աղքատները ատոնցմէ ալ զրկուած էին:
Շաբաթ երեկոյեան Պէյօղլուի մէջ տեղի ունեցաւ արեւելեան երաժշտութեան համակիրներուն տեսակէտէ անմոռանալի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, «Մարի» ճաշարանի երդիքին տակ, Ակնէս Յակոբեանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ երեկոյթ մը, որու պատուոյ հիւրն էր Գալիֆորնիայէն հռչակաւոր ուտահար Ռիչըրտ Յակոբեան։