Թրքահայ կեանք

ՆՈՐ «ԿԱՄՈՒՐՋ»Ը

Կաթողիկէ Հայոց Արքեպիսկոպոսարանի կողմէ հրատարակուած «Կամուրջ»ը դարձեալ ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ է։ Յստակ պարբերականութիւն մը չունի այս մէկը, որ կը պատրաստուի՝ որպէս Հայ կաթողիկէ հասարակութեան կողմէ պիւլթէն մը։

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Եուրկէն Շուլցը։ Պատրիարքարանի հանդիպման ընթացքին Շուլցին ընկերացան իր կողակիցը եւ դեսպանութեան խորհրդականներէն Փոլ Ամանն։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Երէկ յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց «ՍԱԹ-7 ԹԻՒՐՔ» հեռուստակայանի վարչութենէն Մելիհ Էքէնէրը, Ճիւնէյթ Արըքանը, Իւմիտ Թէյմուրն ու Գրիգոր Տինչքայըքճըն։ Հանդիպման ներկայ եղան Պատրիարքական Աթոռի «ՍԱԹ-7 ԹԻՒՐՔ» հեռուստակայանի հետ յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամները։

ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան պատրաստած է Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մասին յուշամատեան մը։ Սա պատմական թաղին վերաբերեալ կարեւոր ուսումնասիրութիւն մըն է ու նոյնպէս կարեւոր ներդրում մը՝ մեր համայնքի հաւաքականութեան յիշողութեան տեսակէտէ։

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՀՍԿՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Պոլսոյ մէջ տարիներ շարունակ գեղեցիկ աւանդութիւն եղած է, Մեծ պահոց շրջանի Արտաքսման կիրակիէն սկսեալ, կիրակնօրեայ Հսկում կատարել եւ Բանին Կենաց քարոզութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին հոգեւոր սնունդ մատակարարել։ Նման Արեւագալի արարողութիւններուն, այս ժամերգութիւններուն եւս կը հանդիսապետեն Պատրիարքարանի կողմէ նշանակուած վեղարաւորներ։

ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ներդրումով՝ 1999 թուականէն սկսեալ ամէն տարի 21 փետրուարին աւանդութիւն դարձած է յիշատակել Մայրենի լեզուի միջազգային օրը։ Այս առիթով Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան պատգամ մը հրապարակեց եւ շնորհաւորեց Մայրենի լեզուի միջազգային օրը ու խօսեցաւ արեւմտահայերէնի գործածութեան մասին։

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Պոլսոյ մէջ, տարիներ շարունակ Մեծ պահոց շրջանին աւանդութիւն եղած է քաղաքի զանազան եկեղեցիներուն մէջ Արեւագալի արարողութիւններ կատարել եւ Բանին Կենաց քարոզութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին հոգեւոր սնունդ մատակարարել։
Այս աւանդութիւնը այս տարի եւս սկիզբ առաւ Մեծ պահոց առաջին չորեքշաբթի օրէն սկսեալ։ 

Էջեր