ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԽՕՍՔԸ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ
Այսօր Ուսուցչաց օր է եւ վարժարաններու երախտագէտ սաները գրասեղաններու վրայ կը յիշեն իրենց ուսուցիչները։ Իսկ անոնք որոնք արդէն իսկ իրենց ետին թողած են աշակերտութեան հանգամանքը, թէ՛ կը յիշեն եւ թէ՛ այս աշխարհէն առյաւէտ բաժնուածները կը յիշատակեն այն բոլոր նուիրեալները, որոնք որպէս դաստիարակներ ջանք թափած են անոնց մէջ կերտելու համար մարդկային բարենիշները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլն ու գործակից ընկերները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կանաչ ցանկի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Յովհաննէս Կիւլի։
Պէյօղլուի Սուրբ Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու մղումով սկսած պայքարը պատճառ դարձած է քաոսի մը՝ 25 դեկտեմբերի քուէարկութեան ընդառաջ:
Վաղը երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ տեղի պիտի ունենայ «33 ձայն Իսթանպուլէն» գրքին շնորհանդէսը՝ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ ներկայիս երաժշտասէրներուն կը ներկայանայ նոր գործով մը, որ կը կոչուի «Կռունկ»։ Մարալ Այվազի նոր երգն ու տեսահոլովակը արդէն հասանելի են համացանցի վրայ։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Թրքահայ համայնքէն աւելի քան 7 հազար հոգի երէկ Իսթանպուլի Բ. եւ Գ. ընտրաշրջաններէն ներս պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ փութաց քուէատուփի մօտ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Յիսնակի Բարեկենդանի արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։