ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայա նախընթաց օր հիւրընկալեց մեր համայնքէն Յովսէփ Արզումանը, Նազարէթ Էօզսահակեանն ու Մկրտիչ Արծիւեանը։ Այս վերջինները սերած են Եոզղատի Պուրունքըշլա գիւղի ընտանիքներէն։
Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայա նախընթաց օր հիւրընկալեց մեր համայնքէն Յովսէփ Արզումանը, Նազարէթ Էօզսահակեանն ու Մկրտիչ Արծիւեանը։ Այս վերջինները սերած են Եոզղատի Պուրունքըշլա գիւղի ընտանիքներէն։
Պետական մարմինները նկատի կ՚առնեն Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ յառաջացած հարցերն ու զուգահեռաբար բարձրաձայնուած ակնկալութիւնները:
Յառաջիկայ օրերուն լայնախարիսխ խորհրդակցութիւն մը կը նախատեսուի Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի գլխաւորութեամբ:
Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ երէկ կազմակերպուած ժողովը տեւեց շուրջ երկու ժամ: Թրքահայ համայնքին կողմէ հրաւիրուած էին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը եւ Պետրոս Շիրինօղլու: Ներկայ էր նաեւ ԱՔ կուսակցութենէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու:
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Անժէլ Արսլանեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Ազգային երախտաշատ բարերար եւ բազմամեայ համայնքային գործիչ Հայկ Արսլանեանի կողակիցն էր Անժէլ Արսլանեան, որու կորուստը վերջին օրերուն խոր ցաւ յառաջացուց թրքահայ կեանքէն ներս:
ՍԻԼՎԱ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Ի՞նչ կը թելադրեն վիճակագրական տուեալները՝ նոր շրջանի մը ընդառաջ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը պատկան իշխանութիւններուն պաշտօնապէս դիմում կատարած է՝ ընտրութեան ձեռնարկելու համար։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին վրայ կարեւոր բիւրեղացումներ:
Կէտիկփաշայի խորհրդակցութեան ընթացքին Խաչիկ Ճանէլ մատնանշեց հրատապ հանգամանքներ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի երէց սերունդի տիրական ու իսկապէս խորհրդանշական դէմքերէն Անժէլ Ասլանեան շաբաթավերջին կնքած է իր մահկանացուն։ Սա շատ դառն կորուստ մըն է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ։ Անժէլ Ասլանեան եղած էր մեր համայնքի երէց սերունդի եզակի ներկայացուցիչներէն մին։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ հերթական անգամ հասած է հրաժեշտի փուլը։ 2022 թուականի ամառը բնորոշուեցաւ խանդավառութեամբ եւ բազմակողմանի գործունէութիւններով։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը Վանի մէջ, ուր վաղը պիտի նախագահէ տարեկան Ս. Պատարագին:
Պատարագիչն է Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան: Երգեցողութիւնները կը կատարուին Սահակեան դ. դաս-երգչախումբին կողմէ: