ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ՆՈՐ ԶԵԿՈՅՑՆԵՐ
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի՝ մարտի 12-ին նախատեսուած ընտրութեան նախապատրաստական գործընթացը այս շրջանին կը բնորոշէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։
Ղալաթիոյ Սուրբ Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարակից հիւրատան մէջ նախընթաց օր ծագած հրդեհին արձագանգները կը շարունակուին։ Այս տխուր պատահարը մեծ ցաւ պատճառած է բոլորին՝ մանաւանդ, որ խլած է երկու զոհ։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան ընդառաջ անկիւնադարձային փուլ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է նոր գծավէպ մը, որ կը կոչուի «Ծաղկաւոր տետրակը»։ Սա արդէն իր նմաններու շարքին 4-րդն է։
Ղալաթիոյ Ս. Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարակից հիւրատան մէջ երէկ երեկոյեան ծագեցաւ սարսափելի հրդեհ մը, որ դժբախտաբար խլեց երկու զոհ։ «Անատոլու» գործակալութիւնը անմիջապէս արձագանգեց այս դէպքին, որ համայնքային շրջանակներէն ներս ալ խոր ցաւ յառաջացուց։ Իսթանպուլի հրշէջ գունդը անմիջապէս միջամտեց դէպքին՝ մինչ թրամվայի գծի երթեւեկն ալ ընդհատուեցաւ։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որ ուխտագնացութեամբ կը գտնուի Երուսաղէմ, տեղեկանալով Ղալաթիոյ Յիսուս Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ծագած հրդեհին, ցաւակցական գիր մը ղրկեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհիապատիւ Տ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զեքիեանին։
Սթոքհոլմի մէջ, Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ Քուրանի հրկիզումը բողոքի մեծ ալիք մը ստեղծեց:
Կը տեղեկանանք, որ «Բարեկամ» ընկերային զօրակցութեան խմբակը վերջերս իրականացուցած է շարք մը երախտագիտական այցելութիւններ՝ տարեմուտի առթիւ։