ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ ԿՐԵՏԷԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՎԻՃԱԿՈՎ
Կրետէ կղզիի մէջ պատահած զօրաւոր երկրաշարժի առթիւ Պատրիարքական Աթոռը Իրաքլիոնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամներուն հետ կապ հաստատելով՝ հետաքրքրուեցաւ պատմական աղօթատան, նաեւ քաղաքաբնակ փոքրաթիւ համայնքի վիճակին հետ։
Կը տեղեկանանք, որ Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնին համար տնօրէն նշանակուած է Ռուշան Տիւզկիւն։ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի աղբիւրները առայժմ պաշտօնապէս ոչինչ հաղորդած են նոր տնօրէնի մը գործի գլուխ բերուելուն կապակցութեամբ։
Շիշլի մարզակումբի կողմէ կազմակերպուած դասընթացներու մարզաձեւերու շարքը վերջին շրջանին համալրուած է թենիսով։ Անցեալ ամառ կազմակերպուած թենիսի դասընթացները արժանացած են անմիջական ուշադրութեան եւ այս հանգամանքը ակումբի վարչութեան վստահութիւն ներշնչած է, որ ստեղծուած նախընթացը ձմեռն ալ շարունակուի։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը, ուր ընդունուեցաւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին կողմէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Եշիլգիւղի ընտանիքի վարիչները՝ գլխաւորութեամբ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուի։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի յարակից նոր մասնաշէնքը երկինք խոյացած է՝ փայլուն հորիզոններ բանալով անոր դարաւոր առաքելութեան առջեւ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Լոս Անճելըսի մէջ մահկանացուն կնքած է իրաւաբան Էտվին Մինասեան։ Նախկին պոլսահայ Մինասեան ամերիկահայ կեանքէն ներս ծաւալած էր բեղուն գործունէութիւն։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրն ու փոխ-ատենապետ Հերման Գավաֆեանը։ 2021-2022 կրթական շրջանի սկիզբին զուգահեռ կը բացուի նաեւ մատաղօրհնութիւններու եղանակը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Արաս Աքպաշ յաջողած է մուտք գործել Պողազիչի համալսարանի պատմութեան բաժինը։ Այս տարուայ համալսարանի մտից քննութիւններուն ան արձանագրած է փայլուն յաջողութիւն մը ու դարձած՝ իր դասաւորման մէջ Թուրքիոյ 420-րդը։
Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն կողմէ անմիջական ու ջերմ ուշադրութիւն: