Թրքահայ կեանք

ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Գնալը կղզիի մէջ, հոգելոյս մարզիկ Կարօ Գալէնտէրի յիշատակին ձօնուած պասքեթպոլի մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Աւարտական փուլը խանդավառ մրցապայքարի մը թատերաբեմը հանդիսացաւ։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿՈՒ ՏԱՅ ՄԱԼԱԹԻԱ

Շաբաթավերջի Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնները պիտի կատարուին Լուսաւորիչ երգչախումբին կողմէ:
Համայնքային շրջանակներու ուշադրութիւնը այս շաբաթավերջին կեդրոնացած է Մալաթիոյ իրադարձութիւններուն վրայ։ 

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԴՈՒՐՍ ԵԿԱՒ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԷՆ ԵՒ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՄԱԼԱԹԻԱ

Տ. Արամ Արքեպսկ. Աթէշեան Նորին Ամենապատուութեան այցելեց:

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան յետվիրահատական դարմանման գործընթացը աւարտած ըլլալով՝ այսօր կէսօրէ առաջ դուրս եկաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն։ Այս առթիւ կարճ զրոյց մը ունեցանք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ, որ մեզի յայտնեց, թէ փառք կու տայ Աստուծոյ՝ առողջութիւնը արագօրէն վերագտած ըլլալու համար։

ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԸ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Շիշլի մարզակումբի նորընտիր վարչութեան անդամները արդէն նոր եռանդով կը ձեռնարկեն պաշտօնի։ Վերընտրեալ ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի կողմէ գլխաւորուած վարչայինները մէկ կողմէ նոր շրջանի համար իրենց միջեւ դերաբաժանում կ՚ընեն, իսկ միւս կողմէ նոր մարզաշրջանի ընդառաջ կը ջանան ապահովել, որ ակումբի յաջողութիւնները մնան կայուն հունի մէջ։

«ՄԻՋՑԱՄԱՔԱՄԱՍԱՅԻՆ ԼՈՂՈՐԴ»՝ ՇԱՆԹ ԷՊԷՄԿԸՐԵԱՆ

Մեր համայնքի մարզիկներէն Շանթ Էպէմկըրեան երկար տարիներէ ի վեր ծանօթ է լողի մէջ արձանագրած հետեւողական յաջողութիւններով։ Ան վերջերս Վոսփորը հերթական անգամ կտրելով նուաճեց «Միջցամաքամասային լողորդ» կոչումը։

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ԿԱՐՕ ԳԱԼԷՆՏԷՐԻ

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ այս ամառ Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպուած է պասքեթպոլի մրցաշարք մը, որ ձօնուած է հանգուցեալ Կարօ Գալէնտէրին։ Ինչպէս ծանօթ է, լուսահոգի Կարօ Գալէնտէր երկար տասնամեակներ երախտաշատ մասնակցութիւն բերած էր մեր մարզական կեանքին եւ ներկայիս Շիշլիի վարչութիւնը այս նախաձեռնութիւնը կատարած է զինքը ոգեկոչելու համար։

ԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԻ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔԸ ԹՐՔԵՐԷՆԻ ԿԸ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԻ

«Իսթանպուլ» հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն Փերիհան Եիւճէլ եւ «Քարս» մշակութային միութեան ատենապետ Վետաթ Աքչայէօզ, նախընթաց օր այցելեցին Պատրիարքարան։ Անոնք յանուն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, ընդունուեցան Կրօնական ժողովի ատենապետ եւ Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 45-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Յոբելեանները, որքան ալ որ առաջին հերթին վերաբերին յոբելեարի անձին, կ՚ունենան նաեւ հաւաքական երեսակ մը։ Սա, անշուշտ, դարձեալ կախում ունի յոբելեարի անձէն եւ անոր գործունէութեան նշանակութենէն։

ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ վերջերս գումարուեցաւ հերթական ընդհանուր ժողով։ Երբ համաճարակով պայմանաւորուած ընկերային կեանքի սահմանափակումները որոշ չափով մեղմացած են, մեր միութենական կեանքէն ներս ալ կը նկատուի աշխուժութիւն մը։ Այս մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ Արամեան սանուց միութեան համագումարը, որու ընթացքին ընտրուեցաւ 2021-2023 շրջանի նոր վարչութիւնը։

Էջեր