ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՀԱՒԱՔ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց պոլսահայ սարկաւագաց դասու անդամները։ Այսպէսով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շարունակեց վերջին օրերու խորհրդակցութիւններու շարքը՝ պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ զանազան հարցերուն շուրջ։

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երէց Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեանը, Նարեկացի դպրաց դասու դպրապետ Արման Սրկ. Մարաշլեանը եւ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հայազատ Կազէրօղլուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն, որուն կ՚ընկերանային իր լծակից ընկերներէն Մինաս Քափուսուզն ու Ռաֆֆի Եազմաճըն։ Նկատի ունենալով, որ այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական նուիրահաւաքը՝ խնամակալութեան ներկայացուցիչները խմբագրատունս այցելեցին, ըստ ընկալեալ սովորութեան։
Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 155-րդ տարեդարձը երէկ աւանդական ձեւով նշուեցաւ համայնքէն ներս։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց այս առթիւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ արարողութեան։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը նախագահեց կիրակնամուտքին եւ խօսեցաւ քարոզ մը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն՝ Հայ Եկեղեցւոյ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Սարգիսեան երէկ պատարագեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ան քաղաքս եկած էր՝ մասնակցելու համար նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վերջին օծման։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անտիոքի մեր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանը, որ գաւառի մեր համայնքներու հոգեւոր տեսուչն է միեւնոյն ժամանակ։
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ