TET AJANDA ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՐԹԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ԱՅՍ ԵՐԵԿՈՅ ԶՐՈՅՑԻ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ Է ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՄԲԱԳԻՐԸ
TET AJANDA առցանց հարթակին վրայ այսօր երեկոյեան ուղիղ եթերով հարցազրոյցի մը հրաւիրուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Յիշեալ հարթակի Instagram-ի հաշիւէն պիտի սփռուի այս զրոյցը, զոր պիտի վարէ Շահնուր Գազանճը։

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան Տան խնամակալութեան սիւներէն Տանիէլ Անթիքաճեանն ու Յարութիւն Շէշէթեանը։ Յառաջիկայ 21 նոյեմբերին պիտի նշուի Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 155-րդ տարեդարձը։
Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը, որուն զուգահեռ յարակից Տատեան վարժարանին համար տեղի պիտի ունենայ նուիրահաւաք։ Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդէն Մարի Եանճըն եւ Նաիլ Թոփլայըճըն։
Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը այս տարի 28 հոկտեմբերին կը նախատեսէ կազմակերպել Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական նուիրահաւաքը։ Մատաղօրհնութեան պատրաստութիւնները արդէն ընթացքի մէջ են եւ այս շրջանակէն ներս երէկ երեկոյեան Ղալաթիոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժողով մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լեւոն Շատեանի։ Ներկայ էր նաեւ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Վազգէն Ծ. Վրդ. Գարայեանը, որ նախկին պոլսահայ մըն է։ Հայր սուրբը տխուր առիթով մը կ՚այցելէ քաղաքս՝ իր եղբօր յուղարկաւորութեան առթիւ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին եւ յաջորդած սիրոյ սեղանին։ Թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ երէկ կազմակերպուած տարեկան նուիրահաւաքը եւ աւանդական մատաղօրհնութիւնը առիթ դարձան արտասովոր խանդավառութեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքէն հոգեբոյժ Նուրհան Ֆստըքճը արժանացած է փրոֆեսէօրի կոչման։ Այս նուաճումը վերջին օրերուն ուրախութեան առիթ դարձած է համայնքային շրջանակներէն ներս։