ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ
Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի օրհնութիւնով ու ջանքերով՝ այս տարի Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպուած է աղօթքի եւ ուխտի շաբաթ մը։ Երէկ, այս ծիրէն ներս կղզիի վրայ տեղի ունեցաւ երիտասարդութեան համար մշակութային շրջապտոյտ մը։
Բարձր փորձագիտութիւնները՝ մասնաւորապէս տեղեկատուութեան փորձագիտութիւնները հետզհետէ աւելի գերակշիռ տեղ մը զբաղեցնել սկսած են մարդկութեան առօրեային մէջ։ Զուգահեռաբար՝ ուսումնական հաստատութիւններու կրթական ծրագիրներուն մէջ ալ տեղ կը գտնեն համապատասխան առարկաներ, որպէսզի նոր սերունդը տակաւին դպրոցական տարիներէն սկսեալ զինուած ըլլայ այս ուղղութեամբ։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը 2020-2021 ուսումնական տարուայ աւարտին ունեցաւ տասնչորս շրջանաւարտ։ Թէեւ քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով դասաւանդութիւնները ընդհանրապէս հեռավար դրութեամբ տեղի ունեցան, սակայն դպրոցը յաջողեցաւ անխափան ձեւով տարի մը եւս հասցնել աւարտին, մինչ այս տարուայ ընթացաւարտներն ալ մեկնեցան Հայաստան, ուր պիտի շարունակեն իրենց ուսումը։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ կը շարունակուին կղզեբնակ ընտանիքներու փոքրիկներուն ուղղեալ ձեռնարկները։ Այսպէս, վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Նկարահանող մարդամեքենայ» խորագրեալ ձեռնարկ մը, որ կեանքի կոչուեցաւ խնամատար մարմնի անդամներէն Էննա Էօքքէի առաջնորդութեամբ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս։ Այս անժամանակ մահը լայն արձագանգ ստեղծած է՝ բոլորին պատճառելով մեծ ցաւ մը։
Գնալը կղզիի յունաց Մեթամորֆոզ (Այլակերպութիւն) վանքին մէջ, նախընթաց օր, ժամը 18.00-ին, յունաց օրացոյցին համաձայն Վարդավառի տօնի նախատօնակը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ՝ Պրուսայի Եոաքիմ Մետրապոլիտին։ Վանքի տօնակատարութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ՝ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ Համբարձում Քիւչիւք։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ յատկանշական շնորհանդէս, Հայկ Քիւչիւքեանի վառ յուշերը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Նատին Թոփուզօղլու առաջնութեամբ աւարտած է Պահչէշէհիրի համալսարանի ֆիզիոթերափիի ու վերակենդանացման բաժինը։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցան արարողութիւններ, որոնց ընթացքին յիշատակուեցան եկեղեցւոյ վարչութեան անդամներու հանգուցեալ հարազատները։ Արարողութեանց նախագահեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Գատըգիւղի մէջ յայտնի սնկագէտի հեղինակած գիրքին համար տեղի ունեցաւ ծանօթացման հաւաքոյթ մը: