Թրքահայ կեանք

ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԵՐԷԿՈՒԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԵՐԳԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿՈՂՄԷ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ ապրուեցաւ խանդավառ օր մը։ Քաղաքի զանազան թաղամասերէն փութացած հաւատացեալներ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուցած էին Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ եկեղեցին, ուր պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Եշիլգիւղի վարժարանի 7-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Հայերէնի ուսուցչուհի Անի Գալայլըի եւ գիտութեան ուսուցչուհի Գլոտիա Տեմիրի հսկողութեան ներքեւ տղաքը իրականացուցին այս պտոյտը։

ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, երեկ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ դասուն նախագահ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի:

ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՈԳԵՒՈՐ ՁԱՌՆԱՐԿ ՄԸ

Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական հանդէս մը, որ ձօնուած էր ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ հոգելոյս Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին։

ԱՐԹԻՒՐ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ ԵՒ ԷՏՎԻՆ ՍՐԿ. ԿԱԼԻՊՕՂԼՈՒ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՆ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ

Պոլսահայ երաժշտական կեանքի համակրելի արուեստագէտներէն մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան եւ երգեհոնահար Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու վերջերս այցելեցին Գերմանիա, ուր մասնակցեցան Շթուտկարտի մէջ կազմակերպուած Հայկական մշակոյթի օրերուն։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՊԷԶՃԵԱՆ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՀԱՄՈՅԹՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՎ ԵՐԵԿՈՅԹ

Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական պարերու երեկոյթ մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

​Պէզճեան Մայր վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Տնօրէնուհի Թալին Նայիրի եւ ուսուցչուհիներու ուղեկցութեամբ տղաքը հետաքրքրական շրջայց մը կատարեցին հիւանդանոցի ընդարձակ համալիրին մէջ։

Էջեր