ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ՝ ՊԱԼԵԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մշակութային ձեռնարկ մը՝ ի յարգանս Պալեան ընտանիքին։ Օսմանեան շրջանի արքունի ճարտարապետներու այս գերդաստանի ներկայացուցիչներուն ծաւալած գործունէութիւնը եւ թողած աւանդը հերթական անգամ արժեւորուեցաւ այս ձեռնարկի ընթացքին։