ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Արցախի վերջին արիւնալի իրադարձութիւններուն շուրջ։
Մինչ Թուրքիոյ մէջ հանրային կարծիքը լարուած ուշադրութեամբ կը հետեւի ռազմական գործողութիւններուն, երէկ, Պատրիարքարանի փողոցէն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դրօշակներով ինքնաշարժներու շարասիւն մը անցաւ՝ որպէս ցոյց։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ, այս տարի միայն Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ու սիրոյ սեղան տեղի չունեցաւ։
Երէկ յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այցելեց Յունաց Պատրիարքարան։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքարանի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Միջեկեղեցական-միջկրօնական յարաբերութեանց տեսուչ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Մարի Մատլէն Պալեանը՝ ընկերակցութեամբ տքթ. Արմենակ-Ազնիւ Մեծատուրեան ամոլին։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Բողոքականներու միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները, որոնց կարգին էին ատենապետ Ալի Քալքանտելէնի գլխաւորութեամբ՝ անդամներէն Պեհնան Քոնութկան, Վահան Իսաօղլու, Սոնէր Թուֆան եւ ընդհանուր քարտուղար Ումութ Շահին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան տարիներ առաջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գտնուելու ժամանակ գրի առած էր պատմավէպ մը, որ կը կոչուէր «Երկու ուխտաւոր»։ Վերջերս Պատրիարքական Աթոռի հրատարակչութեան բաժանմունքը վերահրատարակեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ հեղինակուած այս գիրքը։
Սամաթիոյ ընտանիքը շաբաթավերջի աւանդական մատաղօրհնութեան ընդառաջ կ՚ապաւինի համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան՝ երաշխաւորելու համար Սահակեան-Նունեան վարժարանի առաքելութեան կայունութիւնը եւ գործունէութեան ընդհանուր արդիւնաւէտ երթը:
«Հրանդ Տինք» հիմնարկին մօտաւոր անցեալին սպառնական ելեկտրոնիկ նամակներ ուղարկած անձերը դատարանին կողմէ ազատ արձակուեցան։ Տեղական մամուլը այսօր կը գրէ, որ ենթակաները՝ Հիւսէյին Աթէշ եւ Էրսին Պաշքան դատուած են Իսթանպուլի 56-րդ պատժական ատեանին կողմէ։
Երէկ, Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ներսէսեան դպրաց դասու հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։