ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔՈՅՐԵՐԸ ԴԱՓՆԵԿԻՐ
Կը տեղեկանանք, որ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն երկու աշակերտուհիներ վերջերս գրական մրցանակի մը մէջ դարձած են դափնեկիր։ Այսպէս, «Neslin Değişen Sesi» միջնակարգին կողմէ կազմակերպուած, «Կտաւէ դէպի մատիտ բանաստեղծութեան եւ պատմուածքի մրցոյթ» կոչուած մրցոյթին մէջ անոնք արձանագրած են փայլուն յաջողութիւն։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համակրելի մեներգչուհիներէն Մարալ Այվազ այս շաբաթավերջին պիտի մասնակցի առցանց ձեռնարկի մը, որ պիտի մէկտեղէ աշխարհի զանազան երկիրներէն հայ երաժիշտներ։ Զանազան երկիրներէ աւելի քան քսան երաժիշտներու շարքին պիտի գտնուի Մարալ Այվազ, որուն պիտի նուագակցին՝ Արի Հերկել, Սեւան Ինեափան եւ Սեւան Կարապետեան։
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Մելքոն Թաշճըօղլուի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Հանգուցեալը մարզասէր շրջանակներէ ներս համբաւ կը վայելէր՝ որպէս «Վեֆա» մարզակումբի թունդ համակիր։
Պատրիարքական Աթոռը վերջերս հանրութեան ուշադրութեան յանձնած էր, թէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հրամանաւ ու օրհնութեամբ լոյս տեսած էր «Աստուածաշունչէն - Kitab-ı Mukaddes’ten - From The Holy Bible» գեղատիպ հատորը, որ ձօնուած էր Աստուածաշունչի հայերէն տպագրութեան 350-ամեակի յոբելեանին։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ցաւակցեցաւ Սանթալու եւ Ասլանեան ընտանիքներուն:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը այս տարի եւս պիտի չկարողանայ իր դռները բանալ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով։
Համայնքային վարիչները խտացեալ ջանքերով կը ձգտին փոխըմբռնումի մը հասնիլ՝ պոլսահայ կրթական հաստատութիւններու ապագան երաշխաւորելու ուղղութեամբ:
Ս.Փ. Ազգ. հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ԹՎՄ-ի (ERVAB) երէկուան ժողովի բացման հանդէս եկաւ հետեւեալ ելոյթով։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի շատ սիրուած եւ յարգուած դէմքերէն մին. ոչ եւս է Եւա Սանթալու։ Երկար ժամանակէ ի վեր ան կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ եւ վերջին շրջանին բաւական ծանրացած էր կացութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի փոխ-դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։