ՔՈԼՈՒՄՊԻԱՅԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջերս Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն խումբ մը ուսանողներ։ Այսպէս, Պատրիարքարան փութացին Քոլումպիայի համալսարանէն, Նիւ Եորք, ուսանողներ, որոնք Նորին Ամենապատուութենէն տեղեկութիւններ ստացան Հայ Եկեղեցւոյ եւ թրքահայ իրականութեան շուրջ։
Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ ոգեկոչուեցան հոգելոյս ազգային բարերարներ՝ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան հարազատները։ Էսաեան վարժարանի հիմնադիր այս երկու երախտաշատ անունները բիւր յարգանքով վերյիշուեցան հերթական անգամ։
Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ շաբաթավերջին մասնաւոր համերգով մը վերյիշուեցաւ յայտնի երգահան Օննօ Թունչ։ Թրքական փոփ երաժշտութեան ակունքներուն կանգնած արուեստագէտ մըն է Օննօ Թունչ, որու ի յիշատակ կազմակերպուած համերգը զուգադիպեցաւ իր մահուան 24-րդ տարելիցին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կաթողիկէ Հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի թեմական պատուիրակ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան, որ վերջերս քաղաքս կը գտնուէր, քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հետ։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց՝ Անգարայի մօտ Գանատայի նորանշանակ դեսպան Ճամալ Քոքարն ու Իսթանպուլի մօտ աւագ հիւպատոս Պրահիմ Աշութալը։ Գանատացի դիւանագէտներու այցելութեան նպատակն էր՝ ծանօթանալ Թուրքիոյ հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին եւ շնորհաւորել Նորին Ամենապատուութիւնը։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց նախկին ներկայացուցիչներէն Լաքի Վինկասը, որ փափաքած էր անձամբ այցելել Պատրիարքարան եւ շնորհաւորել Նորին Ամենապատուութիւնը։
Այս շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ կ՚ոգեկոչուի անմոռանալի երգահան Օննօ Թունչ, որու անունը միշտ երախտագիտութեամբ ու բիւր յարգանքով կը յիշուի գեղարուեստասէրներու կողմէ։ Օննօ Թունչ, որ ծնած էր 1948 թուականին, զոհ գացած էր ցաւալի արկածի մը՝ բաւական երիտասարդ տարիքի մէջ։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ հրաժեշտ տրուեցաւ հանգուցեալ Մաքրուհի Գուրանին:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջերս հիւրընկալուեցան Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի 6-րդ դասարանի սաները։ Տղաքը շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ գիրկընդխառնուեցան եւ ծանօթութիւն հաստատեցին իրարու հետ։