ՀԱՄԱՃԱՐԱԿ ԵՒ ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏ
Գնալըի թաղապետ Էրտալ Այտըն բացատրութիւններ տուաւ քորոնաժահրով պայմանաւորուած առկայ սահմանափակումներուն առընչութեամբ:
«Եթէ ձեր առաջնային բնակութեան արձանագրութիւնը այստեղ չէ, ապա այս պահուն չէք կրնար կղզի այցելել՝ նոյնիսկ կալուածատէր կամ վարձակալ ըլլալու պարագային»:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ պոլսահայ վաստակաւոր ու երախտաշատ կրթական մշակ Ազնիւ Արթուք (Արթիք) կնքած է իր մահկանացուն։ Ան ծնած էր 1928 թուականին եւ կեանքէն հրաժեշտ առած է 92 տարեկան հասակին։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, ներկայ ամառնամուտին սահմանափակումներ հաստատուեցան Իշխանաց կղզիներ ելք ու մուտքի համար։ Մեր համայնքի մեծ թիւով անդամներն ալ ուշադրութեամբ կը հետեւին այս իրադարձութեան։
Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հօր խօսքը Ապրիլի 24-ին՝ Մեծ Եղեռնի 105-րդ տխուր տարելիցին առթիւ:
Յանուն Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Սրբազան Հօր, Կրօնական ժողովոյ անդամներէն ու Միջեկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան, 22 ապրիլ 2020, չորեքշաբթի երեկոյեան, մասնակցեցաւ բանախօսութեան մը, որ կը կազմակերպուէր միջկրօնական երկխօսութեան ծիրէն ներս։ Սոյն հանդիպումը տեղի ունեցաւ հեռակայ դրութեամբ։
Վաղը առաւօտ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ծիրին մէջ ներկայ շաբթուան ամբողջ երկրորդ կէսին՝ մինչեւ երկուշաբթի, չորս օր փողոց դուրս գալու արգելք հաստատուած է Թուրքիոյ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ՝ ներառեալ Իսթանպուլը։ Այս իրավիճակին մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը անխափան կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։
Ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, թէ համաշխարհային տարածում գտած քորոնաժահրի համաճարակը նաեւ իր ազդեցութիւնը գործած է մեր երկրէն ներս։ Համաճարակի յառաջացուցած կեանքի պայմանները դուռ բացած են, որ օժանդակութեան աշխատանքներ կազմակերպուին համայն երկրի տարածքին։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ