ՄԱՀ՝ ԹԱԼԻՆ ՄԱԹՈՍՕՂԼՈՒԻ
Ցաւով տեղեկացանք, թէ վերջին օրերուն անժամանակ ձեւով իր մահկանացուն կնքած է մեր կրթական համակարգի համակրելի դէմքերէն Թալին Մաթոսօղլու։ Մինչեւ մօտաւոր անցեալը, ան երկար տարիներ եղած էր Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհին։
Ծանօթ է, թէ մերազն հաւատացելոց յուղարկաւորութեանց ու թաղման կարգերը կը կատարուին գերեզմանատանց մէջ՝ միայն ընտանեկան պարագաներու մասնակցութեամբ։ Իսկ անոնք, որոնք կը փափաքին այդ առթիւ նուիրատուութիւն կատարել բարենպատակ հաստատութեանց, կրնան հետեւեալ հաշուին փոխանցել գումարը եւ կրնան հեռաձայնել՝ 05394513921 համարին ու whatsapp-ով ստանալ իրենց ընկալագիրը։
Կը տեղեկանանք, որ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութիւնը դարձած է 70 տարեկան։ Այսպէս, 2020 թուականը կը զուգադիպի Արամեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 70-ամեակի յոբելեանին։
Թուրքիոյ Ինքնաշարժի նախաձեռնութեան խմբակը (TOGG) բարձր մակարդակի կառավարիչ (CMO) նշանակեց Թալին Եըլտըզը, որ շուկայավարման (մարքեթինկ) պատասխանատու պիտի ըլլայ։ Ան ինքնաշարժներու արտադրութիւններու բնագաւառէն ներս շատ փորձառու անուն մըն է։
Պատրիարքական Աթոռը 100 հազար լիրայով մասնակից դարձաւ այն մեծ նուիրատուութեան արշաւին, որ Թուրքիոյ մէջ սկսած է քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի պայմաններուն ներքեւ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան որոշած է այս արշաւին յատկացնել վերջին հինգ ամիսներու իր ամսականները։
«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը ներգրաւուած է քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարին։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի երէկուան հաղորդումներէն արտատպումի հիման վրայ Հայաստանի պաշտօնական գործակալութիւնը ի լուր աշխարհին տեղեկացուց այս կարեւոր հանգամանքը։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բժշկապետը բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ Ս. Պատարագ՝ Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ: