Թրքահայ կեանք

ԱՆԽԱՓԱՆ ՔԱՐՈԶԱՐՇԱՒ

Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան թափով յառաջ կը տանի իր նախընտրական ծրագիրը եւ ժողովրդական հանդիպումներով կը ջանայ լսելի դարձնել պատգամները:
Նորին սրբազնութիւնը երէկ երեկոյեան Պաքըրգիւղի մէջ կազմակերպուած զրոյցին ժամանակ հերթական անգամ բաժնեց իր դիտարկումները՝ համայնքային կեանքի ընդհանուր ընթացքին շուրջ:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻ

Այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը։ Սա շատ կարեւոր փուլ մըն է վարժարանին համար, որովհետեւ Կեդրոնականն ալ այս շրջանին միւսներուն նման կը դիմագրաւէ ծանր դժուարութիւններ։

ԾԱՓԱՀԱՐԵԼԻ ԱՐԴԻՒՆՔ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արքեպսկ. Աթէշեան նախագահեց Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը անանտեսելի զօրակցութիւն մը ապահովեց Մէրամէթճեան վարժարանին համար: Արձանագրուած յաջողութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցաւ՝ կարգադիր յանձնախումբի ատենապետուհի Մոնիք Երկանեան, որ ահազանգ հնչեցուց համայնքային առկայ հարցերուն շուրջ:
Թաղային խորհուրդը ի յիշատակ յուշանուէր մը պատրաստած էր Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքինի համար: Դպրոցի սաները ներկաներուն կողմէ գնահատուեցան իրենց ելոյթներով:

ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԱՐՏԻՆԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան անցեալ շաբաթավերջին օդային ճամբով մեկնեցաւ Մարտին՝ ուղեկցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Նորին սրբազնութիւնը նոյն իրիկուն ներկայ գտնուեցաւ ընթրիքի սեղանի մը, միւս եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն եւ պետական աւագանիին հետ։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՄՏԵՐՄԻԿ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ոգեւոր հաւաքոյթ մը։ Սա թէեւ անմիջական շրջանակի համար նախատեսուած երեկոյթ մըն էր, սակայն Գատըգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ ունէր զգացական նշանակութիւն։

ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ խանդավառ ձեռնարկներով նշուեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը։ Հայ մշակոյթի շաբթուան ծիրին մէջ դպրոցէն ներս գործադրուեցաւ բազմակողմանի յայտագիր մը, որուն ներգրաւուած էին վարժարանի բոլոր դասարաններէն աշակերտներ։

ՊԷՅՔՈԶԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու իր գործակից ընկերուհիները։ Այս առթիւ անոնք նորին սրբազնութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու եկեղեցւոյ տօնախմբութեան, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ 23 նոյեմբերին։

ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՁԵՌՆԱՐԿ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Արսէն Քովանն ու Արման Պըչաքճըն, որոնք իրեն ներկայացան յանուն Մխիթարեան եւ Սահակեան սանուց միութիւններուն։ Անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց ջանքերով կազմակերպուած՝ մօտալուտ «Ծիրան» խորագրեալ համերգին շուրջ։

DİKRAN GÜLMEZGİL: “BİZ PATRİKHANE İÇİN EMANETÇİ ARAMIYORUZ”

Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ, յայտնի համայնքային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ, որ երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ի նպաստ կազմակերպուած զօրակցութեան հաւաքոյթին, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի համար հակիրճ խորհրդածութիւններ ըրաւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Տիգրան Կիւլմէզկիլի յայտարարութեան թրքերէն բնագիրը։

Էջեր