ՔԻՒՐՔՄԱՆ ՅԱՆՁՆԵՑ ՆՈՐ ԳԻՐՔԸ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց ընկերային ու տնտեսական նիւթերու պատմութեան յայտնի պրպտող Կարօ Քիւրքմանը։ Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, ան վերջերս հրատարակած է իր նոր գիրքը, որ կը վերաբերի Օսմանեան շրջանի արքունի հայ ոսկերիչներուն՝ 1853-1871 թուականներու ժամանակահատուածին։