ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԻՇ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն:
Համայնքային շրջանակները աննախընթաց հանգանակութիւն մը ապահովեցին Կեդրոնական վարժարանին համար, որու ի նպաստ սարքուած սիրոյ սեղանը պսակուեցաւ գերազանց յաջողութեամբ:
Դպրոցի երիցագոյն սաներէն, յայտնի բարերար Հայկ Ասլանեան որոտընդոստ ծափահարութիւններու արժանացաւ՝ պատմական կրթօճախին հանդէպ ցուցաբերած նուիրումին եւ նախանձախնդրութեան համար: