ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԲԱԺԱԿԻ ՕՐԸ
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ վարժարանի շրջանաւարտներու աւանդական հաւաքին՝ Բաժակի օրուան առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի դեկտեմբեր ամսուան երկրորդ կիրակիին տեղի կ՚ունենար Կեդրոնականի Բաժակի օրը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանի եւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեանի հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուն, որու հետ էին իր գործակիցներէն՝ Տալիտա Եոնթան եւ Առէն Տատըրօղլու։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքն ու ակումբի շրջանակէն գործակիցները։ Այցելուները Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեցին եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին ակումբի ընդհանուր կացութեան եւ ծրագրերուն շուրջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց «Նէօ-Քաթէքիւմէն» շարժումէն Տքթ. Մարիօ Ռոկենպիւքէն եւ ընկերակիցները։ Հարկ է նշել, որ այս շարժումը կը գործէ Լատին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հովանաւորութեան ներքեւ։
Patrikliğimiz ve Vakıflar Genel Müdürlüğü arasında uyuşmazlık konusu olan Sanasaryan Han’ın onarımı ve restorasyonu karşılığında 35 yıllığına kiralanması için 28.01.2020 tarihinde Vakıflar İstanbul 1. Bölge Müdürlüğü tarafından ihale düzenleneceğini öğrenmiş bulunmaktayız. Anayasa Mahkemesi’ndeki 2019/6264 sayılı bireysel başvurumuz henüz karara bağlanmadan ve yargı süreci halen devam ederken Vakıflar Genel Müdürlüğü’nün Han’ı ihaleye çıkarmasının hakkaniyete uygun düşmediğini belirtmek isteriz.
Պոմոնթիի Մխիթարեան եւ Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարաններու սաներէն բաղկացեալ խումբ մը վերջերս երկօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Անգարա։ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան գլխաւորեց այս այցելութիւնը, որու ընթացքին տղաքը շրջեցան մայրաքաղաքի զանազան տեսարժան վայրերը։
Հայերէնի վաստակաւոր ուսուցչուհի Լեռնա Գարագիւթիւք վերջերս հիւրընկալուեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանէն ներս։ Ան Մայր վարժարանի մէջ ներկայացուց «Դպրոցի ճամբուն վրայ» խորագրեալ վերջին գիրքը, որով իր ներդրումը բերած է մեր մանկական գրականութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալեց մեր համայնքէն խումբ մը անդամներ, որոնց արմատները կ՚առընչուին Եոզղատի Պուրունքըշլա գիւղին հետ։ Այսպէս, Գումգաբու այցելեցին՝ Յովսէփ Արզուման, Նազարէթ Էօզսահակեան, Նազար Պինաթլը, Տքթ. Մելքոն Պալճը եւ այլք։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան վերջերս մասնակցեցաւ յատկանշական հաւաքոյթի մը։ Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավարութիւնը վերջերս ձեռնամուխ եղած է ծրագրի մը, որ կը կոչուի՝ «Թուրքիոյ խճանկարը. Զանազան կրօններու հանդիպման կէտը»։