Թրքահայ կեանք

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՀԱՄԵՐԳ

Պէզճեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ, Գումգաբուի համանուն սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի առթիւ գեղարուեստական երեկոյթ մը։ Մեներգիչ Ասատուր Պալճեան, դաշնակահար Էտվին Կալիպօղլու, ասմունքող Տիանա Չիլինկարեան ու նոյնպէս մեներգիչ Տիգրան Պեսքիսիզեան ճոխ յայտագիր մը գործադրելով հաճելի ժամանց պարգեւեցին հանդիսատեսներուն։

ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՈԳԵՒՈՐ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Գարակէօզեան Տան «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցի յարկէն ներս Բարեկենդանը նշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Աշխատանոցի ծրագրերուն մասնակից յիսունութ փոքրիկներ մասնակցութիւն բերին կազմակերպուած խրախճանքին։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Ս. Վարդանանց Դպրաց Դասու հիմնադրութեան 109-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 86-րդ կրկնակ տարեդարձները երէկ նշուեցան տօնական բարձր տրամադրութեամբ:
Բուն բարեկենդանի կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն հանդիսապետեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան:

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Եշիլգիւղի վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի առթիւ ոգեւոր խրախճանք մը։ Աւանդական մթնոլորտի մէջ տղաքը ըմբոշխնեցին Բարեկենդանի հրճուանքը, միեւնոյն ժամանակ հաղորդ դարձան այս շրջանի տօներու նշանակութեան։

ՊԱՂԱՐԻՒՆՈՒԹԻ՜ՒՆ

Կրօնական ժողովի երէկուան նիստի արդիւնքով Պատրիարքական Աթոռէն ներս վերահաստատուեցաւ օրինական դրութիւն մը, որու շնորհիւ հասարակաց յայտարարի մը վրայ բերուեցան պաշտօնական ընթացակարգերով պայմանաւորուած պետութեան ակնկալութիւններն ու մեր եկեղեցական կարգ ու կանոնաց տեսակէտէ անհրաժեշտ նուազագոյն բոլոր տարրերը: Գումգաբուի կողմէ անմիջապէս իրազեկուեցան պատկան իշխանութիւններն ու Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը:

Ճգնաժամը յաղթահարուեցաւ:
Երկար սպասումէ վերջ բանիմացութեան յաղթանակ:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան ամիսներ անց դարձեալ ստանձնեց Պատրիարքարանի ղեկը՝ ընդհանուր փոխանորդի հանգամանքով, մինչեւ նոր ընտրութիւն:

ԶԵԿՈՅՑ

Իս­թան­պու­լի Կու­սա­կա­լու­թե­նէն 05 Փետ­րուար 2018 թուա­կա­նին Պատ­րիար­քա­րա­նիս հա­սած պաշ­տօ­նա­կան նա­մա­կով հա­ղոր­դուած էր Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խա­րա­րու­թե­նէն հա­սած պաշ­տօ­նագ­րի պա­րու­նա­կու­թիւ­նը։ 
Սոյն պաշ­տօ­նա­գի­րը ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար Ա­թո­ռիս Պատ­կա­ռե­լի Կրօն. Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Գերշ. Տ. Սա­հակ Ե­պիս­կո­պոս Մա­շա­լեա­նի հրա­ւէ­րով՝ ժո­ղո­վա­կան հայ­րե­րը մէկ­տե­ղուե­ցան նա­խա­ճա­շի սե­ղա­նի շուրջ, գլխա­ւո­րու­թեամբ Բարձր. Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի։

ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նորընտիր վարչութիւնը նախընթաց օր քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր հիւրընկալուեցաւ Հոգեբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։ Միութեան նորընտիր վարչութեան ներկայացուցիչները երախտագիտութիւն յայտնեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի կողմէ ցայսօր մեր կրթական մշակներուն ի նպաստ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։

ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ՝ ՍԻՐԵԼԻ ԱՒԱԳ ՏԷՐ ԵՂԲՕՐՍ ՀԵՏ

Սիրեցեալ աւագ եղբայր, հասաւ այն պահը որուն մասին ամէն առթիւ նուաստիս կ՚ըսէիր. «Եթէ ես վախճանիմ, իմ դամբանականս քեզմէ զատ խօսելիք մէկը չկայ»։ Բնականաբար այս խօսքը կ՚ըսէիր շեշտելու համար մեր ռւնեցած վաղեմի բարեկամութիւնը, յատկապէս Գումգաբուի շրջանակին մէջ, դուն որպէս աւագերէցը Մայր եկեղեցւոյ եւ ես համեստ ծառայողը Պատրիարքական Աթոռին։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԱՌԹԻՒ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն ներս Բարեկենդանը վերջին օրերուն նշուեցաւ արտասովոր խանդավառութեամբ։ Մէկէ աւելի հանդէսներ տեղի ունեցան դպրոցէն ներս եւ այդ մթնոլորտին մէջ տղաքը թէ՛ ապրեցան Բարեկենդանի հրճուանքը եւ թէ հաղորդ դարձան Սրբոց Վարդանանց խորհուրդին՝ ներշնչուելով քաջն Վարդան Մամիկոնեանի կերպարով։

Էջեր