ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿԻ ՄԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պաքըրգիւղի ընտանիքը յառաջիկայ շրջանին պիտի ոգեկոչէ մեծն Կոմիտաս Վարդապետը, որու ծննդեան 150-ամեակի յոբելեանը համազգային շուքով կը նշուի այս տարի։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի ընտանիքէն երկու ներկայացուցիչներ՝ Հերմինէ Պենլիօղլուն եւ Արամ Կոստանեանը, որոնք մեզի բացատրութիւններ տուին այս ծրագրին շուրջ։
Gündeme ilişkin sorulara basın, sosyal medya ve halk toplantılarında verdiğim yanıtlar, giderek başka detayları da halkımıza belgelerle aktarmayı gerekli kılmıştır.
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ 2019-2020 շրջանի ձմրան դասընթացքները արդէն սկսած են եւ առաջին իսկ քայլափոխէն առիթ դարձած՝ աննախընթաց ոգեւորութեան։ Ակումբը այս տարի եւս կը կազմակերպէ վոլէյպոլի, պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի եւ ճատրակի դասընթացքներ։
Պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ տեղապահը կը շարունակէ իր ասուլիսները՝ թաղէ թաղ այցելութիւններով:
Ruhani biraderim, Patrik Kaymakamı Episkopos Sahak Maşalyan bugün sosyal medyada bir açıklama yapmış. Konu malum: Patrik seçimi sürecinde talimatname gereği yurtdışında bulunan adaylara konulan engel.
Գարակէօզեան Տան խումբ մը սաներ երէկ այցելեցին Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին՝ ուղեկցութեամբ իրենց հայերէնի ուսուցիչներուն։ Այս այցելութիւնը կազմակերպուած էր Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ եւ անոր նպատակն էր աշակերտներուն ծանօթացնել Ս. Թագաւոր եկեղեցին՝ պատմութիւնով եւ առաքելութիւնով հանդերձ։
Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան թափով յառաջ կը տանի իր նախընտրական ծրագիրը եւ ժողովրդական հանդիպումներով կը ջանայ լսելի դարձնել պատգամները:
Այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը։ Սա շատ կարեւոր փուլ մըն է վարժարանին համար, որովհետեւ Կեդրոնականն ալ այս շրջանին միւսներուն նման կը դիմագրաւէ ծանր դժուարութիւններ։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արքեպսկ. Աթէշեան նախագահեց Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան անցեալ շաբաթավերջին օդային ճամբով մեկնեցաւ Մարտին՝ ուղեկցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Նորին սրբազնութիւնը նոյն իրիկուն ներկայ գտնուեցաւ ընթրիքի սեղանի մը, միւս եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն եւ պետական աւագանիին հետ։