«ԳՈՅՆԵՐՈՒ ՍԷՐԸ» ՍՕՍԻ ՃՆՏՈՅԵԱՆԻ ԵՐԱՆԳԱՒՈՐՈՒՄՈՎ
Երէկ երեկոյեան, Շիշլիի քաղաքապետութեան «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ բացուեցաւ յայտնի արուեստագիտուհի Սօսի Ճնտոյեանի երանգաւորման ցուցահանդէսը։ Ան թէեւ համբաւ կը վայելէ որպէս դերասան ու բեմադրիչ, սակայն շուրջ տասն տարիէ ի վեր կը ստեղծագործէ նաեւ երանգաւորման ճիւղին մէջ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն ներս վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցաւ Ամանորի քէրմէս մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Աւանդական այս ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ տիկնանց յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ։
Կեդրոնական վարժարանի 1988 թուականի շրջանաւարտներէն խումբ մը ներկայացուցիչներ երէկ ապրեցան յատկանշական օր մը՝ վերադառնալով իրենց աշակերտութեան տարիներուն։ Այսպէս, 1988-ի խումբ մը շրջանաւարտներ երէկ այցելեցին վարժարան, ուր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանի կողմէ։
Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը վերջերս հիւրընկալեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերները, նաեւ թաղի յարակից մարմիններէն խումբ մը ներկայացուցիչներ։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ, համանուն մատենաշարի ծիրէն ներս վերջերս լոյս տեսած է «Տարիներ» անուն գիրք մը, որ ձօնուած է վաղամեռիկ բանաստեղծուհի Թալին Էօզգալայճը-Տէօքմէճեանի յիշատակին։
Մխիթարեան վարժարանի մանկապատանեկան երգչախումբը այս տարի եւս մասնակցութիւն բերաւ քաղաքիս՝ Աւստրիոյ մշակոյթի կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած Սուրբ Ծննդեան համերգին, որ տեղի ունեցաւ ներկայ շաբթուան սկիզբը։
Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Մալաթիացի հայոց «Հայտէր» հայրենակցական միութեան վարչայիններէն ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզը։
Քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները իրերայաջորդ փութացին Գումգաբու:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ ժրաջան անդամներէն Մուրատ Կէօրէյը։ Այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ եւ թաղի վարժարանին ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը։
Երէկ, Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի աւանդական քէրմէս մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Վարժարանի համակիրներ եւ զանազան թաղերէ հիւրեր այս առթիւ այցելեցին Էսաեան վարժարան, որու սրահին մէջ սարքուած տաղաւարներու շուրջ համախմբուեցան տօնական տրամադրութեամբ։