ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Խաչվերացի տօնին առթիւ երէկ մեր եկեղեցիներուն մէջ ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցին, ուր տաղաւարի արարողութիւններուն նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, ժամադրավայրը դարձած էր հոծ թիւով հաւատացեալներու։