ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՄՏԵՐՄԻԿ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ոգեւոր հաւաքոյթ մը։ Սա թէեւ անմիջական շրջանակի համար նախատեսուած երեկոյթ մըն էր, սակայն Գատըգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ ունէր զգացական նշանակութիւն։
Մէրամէթճեան վարժարանի տարեկան պիւտճէն հաւասարակշռելու համար կը սարքուի սիրոյ սեղան:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ խանդավառ ձեռնարկներով նշուեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը։ Հայ մշակոյթի շաբթուան ծիրին մէջ դպրոցէն ներս գործադրուեցաւ բազմակողմանի յայտագիր մը, որուն ներգրաւուած էին վարժարանի բոլոր դասարաններէն աշակերտներ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու իր գործակից ընկերուհիները։ Այս առթիւ անոնք նորին սրբազնութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու եկեղեցւոյ տօնախմբութեան, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ 23 նոյեմբերին։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Արսէն Քովանն ու Արման Պըչաքճըն, որոնք իրեն ներկայացան յանուն Մխիթարեան եւ Սահակեան սանուց միութիւններուն։ Անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց ջանքերով կազմակերպուած՝ մօտալուտ «Ծիրան» խորագրեալ համերգին շուրջ։
Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ, յայտնի համայնքային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ, որ երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ի նպաստ կազմակերպուած զօրակցութեան հաւաքոյթին, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի համար հակիրճ խորհրդածութիւններ ըրաւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Տիգրան Կիւլմէզկիլի յայտարարութեան թրքերէն բնագիրը։
Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ, անցեալ շաբաթավերջին, Արամեան սանուց միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Հայֆեսթ»ը։ Յետմիջօրէին, փոքր թէ մեծ տարիքէ անհատներ մասնակցեցան սոյն գործունէութեան։ Այնուհետեւ, գծագրութեամբ, ձեռագործով, զանազան խաղերով եւ մանկապատանեկան զանազան աշխատանոցներով տեղի ունեցաւ մշակութային գործունէութիւն։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ գումարեց իր հերթական ժողովը։ Այս առաւօտ, Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սարօ Պենկլեան մեզի ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեց երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած նիստին ժամանակ ծաւալուած քննարկումներուն կապակցութեամբ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն:
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Զանազան թաղերէ փութացած հոծ թիւով հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր ունկնդրեցին նորին սրբազնութեան պատգամին։