ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆԴԷՍ
Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը պատուեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած ձեռնարկը:
Լուսաւորիչ երգչախումբը երէկ երեկոյեան՝ Պատրիարքական Աթոռի կողմէ հովանաւորուած հոգեւոր համերգով մը հանդէս եկաւ՝ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ:
Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Հօր նախագահութեամբ ժամերգութեան արարողութիւն՝ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Երիտասարդութեան ու մարմնամարզի նախարար Մեհմէտ Մուհարրէմ Քասափօղլու Ամանորի ընդառաջ այցելեց Թաքսիմ մարզակումբը։ Վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեանի եւ գործակից ընկերներուն կողմէ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ նախարարը, որ շրջայց մը կատարեց ակումբէն ներս։
Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը նախընթաց օր հիւրընկալեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ իր գործակից ընկերները, որոնք փութացած էին Ամանորը շնորհաւորելու։
Գալֆաեան Տան ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ ողջունեց 2020 թուականի գալուստը։ Այս առթիւ դպրոցէն ներս տեղի ունեցան շարք մը հանդէսներ։
Մխիթարեան վարժարանի մէջ 2020 թուականի տարեմուտին առթիւ կազմակերպուած հանդէսը առիթ հանդիսացաւ տօնական մթնոլորտի ստեղծման։ Ամբողջ դպրոցէն ներս բարձր տրամադրութիւնը զգալի էր։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տարեմուտի առթիւ տեղի ունեցաւ խանդավառ խրախճանք մը։ Դպրոցէն ներս տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ Կաղանդի հանդէսին առթիւ։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ Նոր տարուոյ եւ Ս Ծննդեան առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, որու պատուոյ հիւրն էր Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Հայրը։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան խնամակալութեան ատենապետ Փրոֆ. Թորոս Ալճան եւ վարժարանի տնօրէն Արմէն Սարուխանեան։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկ ապրուեցաւ տօնական օր մը։ Պատմական թաղի արարողութիւններուն նախագահեց Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։