ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց «ԻՅԻ» կուսակցութեան կողմէ Պէշիկթաշի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Աֆֆան Քեչէճին։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Պէշիկթաշի գաւառակի սահմաններէն ներս գտնուող մեր կարգ մը եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչները։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը յառաջիկայ տարի պիտի թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 40-ամեակը, որու համար մշակուած է ծրագիր մը
Երէկ յետմիջօրէին Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցին ենթարկուեցաւ տգեղ եւ անարգական արարքի մը։ Անծանօթ մը եկեղեցւոյ մայր դրան եւ յարակից պատերուն վրայ ներկով գրութիւններ գրի առաւ, նաեւ փորձեց սրբավայրի պատմութեան վերաբերեալ ցուցատախտակը հանել։
Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցիէն ներս վերջերս կազմուեցաւ տիկնանց յանձնախումբ մը, որ անուանուեցաւ թաղի երբեմնի վարժարանի անունով։ Այսպէս, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի օրհնութեամբ եւ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի ջանքերով գործել սկսաւ Վառվառեան տիկնանց կազմը։
Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին առթիւ Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ, որոնք ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ։ 19 փետրուարին Յովհաննէս Թումանեանի կեանքին, գործունէութեան ու վաստակին վերաբերեալ տեսանիւթ մը ներկայացուեցաւ աշակերտներուն։
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի 8-րդ դասարանի սաները։ Հայերէնի նուիրեալ ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլուի գլխաւորութեամբ տղաքը այցելեցին խմբագրատունս, ուր օրուան սկիզբին ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ նախագահեց Խորհրդակցական մարմնի ժողովին։ Սա Խորհրդակցական մարմնի 2019 թուականի առաջին նիստն էր։ Բացման աղօթքէն վերջ նորին սրբազնութիւնը ողջունեց ժողովականները, որոնց բացատրութիւններ տուաւ Անգարայի մէջ պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ տեղի ունեցած հանդիպման առընչութեամբ։
Յայտնի սրտաբան ու ներքին հիւանդութեանց մասնագէտ Տքթ. Արէտ Լազօղլու երէկ երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Տեղւոյն թաղային խորհուրդին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Բժշկութեան օրեր»ու ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին։