ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅ ԳԻՐԵՐՈՒ ԳԻՒՏԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան երկու ձեռնարկներ, որոնցմով եզրափակուեցան Ս. Թարգմանչաց տօնի շրջանին նախատեսուած գործունէութիւնները։ Այսպէս, դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ թաղի հոգեւոր հովիւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։